image

Ղարաբաղի Մէջ Երեւցած Լարուածութիւնը Արդեօք Կապ ունի՞ Ռուս- Թրքական Լարուածութեան հետ. «Ալ Տիար»

Ղարաբաղի Մէջ Երեւցած Լարուածութիւնը Արդեօք Կապ ունի՞ Ռուս- Թրքական Լարուածութեան հետ. «Ալ Տիար»

Արդեօ՞ք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած լարուածութիւններու կապ ունին Սուրիոյ պատերազմի կապակցութեամբ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու  լարուածութեան հետ: Արդեօ՞ք Անգարան հայ-ազրպէյճանական հակամարտութիւնը հրահրելով լարուածութեան նոր ճակատ կ'ուզէր բանալ Ռուսաստան հետ, մանաւանդ Ռուսաստանի Սուրիոյ միջամտութենէն ետք: Նման հարցեր կը բարձրացնէ լիբանանեան «Ալ-Տիար» թերթը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմական թէժացումները կ՛ուգային  այն պահուն, երբ մեծ ճգնաժամ կ'ապրի Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ վարող Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի դաշնակից Թուրքիոյ յարաբերութիւնները:

Աղբիւրի համաձայն, այս պատճառով է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Տաւուտօղլուն հաստատած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Ազրպէյճանի կողքին կանգնիլ մինջեւ վերջ, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին եղած հակամարտութիւններու ընթացքին, աւելցնելով «Թող համայն աշխարհը հասկնայ, որ Թուրքիան մինչեւ վերջ պիտի շարունակէ աջակցիլ Ազրպէյճանին, մինչեւ անոր ամբողջական տարածքներու ազատագրումը»: Իր հերթին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը բացատրած էր, որ  Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի հարցը կարելի չէ ռազմական ճանապարհներով լուծել, շեշտելով, որ կարիք չկայ այդ կապակցութեամբ եղած Մինսքի խումբի բանաձեւը փոխելու: Լաւրով նաեւ աւելցուցած էր, որ Ռուսիան երրորդ կողմ մը չի մեղադրեր բախումներու թէժացման մէջ, որոնց շարքին նաեւ՝ Թուրքիոյ:

Այս կապակցութեամբ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամատ Ժաուատ Զարիֆ յայտնած էր Թէհրանի պատրաստակամութիւնը միջնորդ հանդիսանալու՝ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի հետ կապուած տարակարծութիւններու խաղաղ ուղիներով լուծման:

«Տիար» նաեւ կը նշէ, որ այս նպատակով Զարիֆ այսօր հանդիպում պիտի ունենայ ազրպէյճանցի իր գործընկերոջ հետ, եւ այդ եռակողմ հանդիպման մաս պիտի կազմէ նաեւ Թուրքիան: