image
Հրատապ լուրեր:

«Ցեղասպանութեան մասին իմանալէս ետք, յաճախ կը զգայի, որ զոհերու պատկերները կը հալածեն զիս... ու անոր համար ալ վէպս գրեցի...» Ռատուա Ասուատ

«Ցեղասպանութեան մասին իմանալէս ետք,  յաճախ կը զգայի, որ   զոհերու պատկերները կը հալածեն զիս... ու անոր համար  ալ  վէպս գրեցի...» Ռատուա Ասուատ

 Գահիրէ  հրապարակուող ՀՅԴ Օրկան  ՝ «ՅՈՒՍԱԲԵՐ»ը  օրերս  շահեկան  հարցազրոյցով լոյս սփռած է եգիպտացի   գրող  Ռատուա  Ասուատի  գործունէութեան  վրայ։ Թերթի երեւանեան  աշխատակից  Սագօ  Արեան     եգիպտուհի գրողին հետ քննարկած է  բազում խնդիրներ,   ծանրալով մանաւանդ անոր  հեղինակած   «Երէկ մահացած էի»  վէպին,  վէպի մթնոլորտին ու հաղորդած    պատգամներուն մասին։ 

 

 Նիւթի  շահեկանութեան  համար «Արեւելք»   զայն կը հրապարակէ ամբողջութեամբ՝


 Մեր  ընթերցողներուն յիշեցնենք,  որ Ռատուա  Ասուատ հեղինակն է «Երէկ Մահացած էի» վէպին,  որուն   նիւթին  գլխաւոր առանցքը Հայոց Ցեղասպանութեան թեման է։

- Ի՞նչ է ձեր վերջին վէպին թեման:

 

Իմ վէպս՝ «Երէկ Մահացած էի» խորագրով, կը խօսի Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան էջերէն մէկուն մասին, ի մասնաւորի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Անիկա նաեւ կ'անդրադառնայ հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն ու անոնց պատմական ու աշխարհագրական կապերուն:

Վէպը բաղկացած է երկու  հատուածներէ, առաջինը՝ 19-րդ դարու կէսերէն մինչեւ 20-րդ դարու առաջին քառորդը, երկրորդը՝ երրորդ հազարամեակի սկիզբները: Առաջինին դէպքերը կը պատահին ներկայ Թուրքիոյ մէջ, իսկ երկրորդինը՝ Եգիպտոսի մէջ:

- Վէպը գրելէն առաջ հայերը կը ճանչնայի՞ք, եւ ի՞նչ կարծիք կազմեցիք անոնց մասին:

Պատահականութիւնը դեր խաղցաւ, որ ճանչնամ հայերը: Ես երբեք չէի ծրագրած կամ պատկերացուցած, որ օր մը օրանց,  գրեմ հայերուն մասին: Նոյնիսկ չէի գիտեր անոնց պատմութիւնը, մանաւանդ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը: Հայերը ինծի համար հայկական ծագում ունեցող գեղեցկուհի դերասանուհիներն էին, ինչպէս՝ Նելլին կամ Լուպլուպան: Հայերը կը ներկայացնէին օտար ցեղ մը շատ մը ուրիշ ցեղերու նման ինչպէս յոյն կամ իտալացի, որոնք հաստատուած են Եգիպտոս, ուր կը տիրէ  գոյակցութիւն եւ   փոխ յարգանք բոլոր ժողովուրդներուն   միջեւ։

Սակայն 24 ապրիլ, 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակի առթիւ, երբ ընկերային համացանցի հարթակները ողողուեցան հայ ազգի կոտորածներու ու ջարդերու նկարներով, ես ինծի շրջապատուած գտայ այդ նկարներով: Անոնք սկսան հետապնդել զիս, ամէն օր կը վերյիշէի այդ նկարներու մարդիկը, այդ հերոսներուն հոգիները: Լուսանկարները, որոնք առնուած էին գերմանացի լուսանկարիչի մը կողմէ, վկայութիւն են թէ ինչպէս ազգ մը կը բնաջնջուի անողորմաբար: Այդ նկարները խթան դարձան, որ սկսիմ գրել եւ յաջողեցայ այդ մադոց անունով   խօսիլ մարդկային անարդարութեան մասին ու ձեւով մըն ալ  բողոքել  եղածներուն դէմ։

Աւելի մեծ դրդապատճառ մըն ալ  կար հայերու մասին գրելուս, այն էր, որ ներկայիս ալ կ'ապրինք կրօնական ծայրայեղութիւն ու մոլեռանդութիւն, այլամերժութիւն, ու ականատես կ՚ըլլանք  Աստուծոյ անունով   եղող պատերազմներու, եւ նոյնիսկ   կոտորածներու: Այդ պատճառով իսկ գիրքս նուիրեցի «Ամէն հոգիի, որ զոհուեցաւ Աստուծոյ անունով»:

Վէպը գրելէն առաջ, բաւական ուսումնասիրութիւններ կատարեցի հայերուն մասին, եւ իմացայ, թէ հայ ազգը հնագոյն ազգերէն է, որուն թագաւորութիւնը կը գրաւէր բաւական մեծ տարածութիւն:  Քրիստոսէ առաջ երկրորդ դարուն, Մեծ Հայքը կ'երկարէր Եփրատ գետէն մինչեւ Վրաստանի սահմանները ներառելով Ատրպէյճանէն ու Պարսկաստանէն մասեր: Ան առաջին պետութիւնն է, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը, որպէս պաշտօնական կրօնք: Հայերը յայտնի են իրենց ազնուութեամբ, ներողամտութեամբ, բարութեամբ ու ջանասիրութեամբ:  Անոնք իրենց աշխատասիրութեան ու բարի համբաւին շնորհիւ կրցած են հասնիլ՝   բարձր    դիրքերու, ու դառնալով Օսմանեան կայսրութեան    տարբեր ոլորտներու ազդեցիկ  գործիչներ։ Տեղին  է նշել, որ  հայերը շնորհիւ իրենց ճարտարութեան  տիրապետեցին  շատ մը իւրայատուկ  արհեստներու, ինչպիսին է  տպագրութեան  արհեստը։  

 

- Ձեր վէպին մէջ, մասնաւորապէս   պատմած էք նաեւ  քիւրտերուն մասին, ու ձեւով մը  համեմատութիւններ  կատարած  անոնց եւ   հայերուն  միջեւ. Ի՞նչ է պատճառը:

 

Կարդացի քիւրտ հեղինակներու ու մտաւորականներու գիրքեր, ուր կը շեշտէին հայերուն եւ քիւրտերուն սերտ յարաբերութիւնները, անոնք նոյնիսկ անդրադարձած են սիրային պատմութիւններու երկու ցեղերու տղոց ու աղջիկներուն միջեւ: Աշխարհագրականօրէն, հասկցայ թէ քիւրտերն ու հայերը հնդեւրոպական նոյն տարածաշրջանի բնակիչները եղած են,  այն թշնամին որ արշաւած էր Քիւրտիստան, պէտք էր նուաճէր նախ Հայաստանը կամ հակառակը:

Պատմականօրէն՝ երկու  ժողովուրդներն  ալ ենթարկուած են արշաւանքներու նոյն ցեղերուն կողմէ ինչպէս՝ ասորիներու, պարսիկներու, մակետոնացիներու, հռոմէացիներու, արաբներու եւ ի վերջոյ թուրքերու կողմէ, որոնք հայերուն տարածքները վերածեցին  կռուախնձորի՝ մէկ կողմէ Ռուս-օսմանեան  եւ  միւս կողմէ  ալ թուրք-պարսկական պատերազմներուն  ընթացքին։

Իսկ կրօնական գետնին վրայ, հայերն ու քիւրտերը նախապէս կռապաշտներ էին, մինչեւ որ հայերը ընդունեցին քրիստոնէութիւնը, իսկ քիւրտերու մեծ մասը իսլամութիւնը:

Նկատեցի է նոյնիսկ, որ  անոնք  կենցաղով ալ  մօտիկ եղած են, անոնց տարազները շատ նման են իրարու։ Մականուններուն մէջ ալ կարելի է նմանութիւն գտնել՝ Բագրանունեան...Բագրանելի, Մանտիքանեան...Մանտիքանելի: Ես իմ վէպի հերոսին անունը ընտրեցի Արամ, որովհետեւ այն տարածուած անուն է երկու ցեղերուն մէջ ալ:

- Ձեր վէպը ինչ ազդեցութիւն ձգեց ընդհանրապէս արաբ եւ մասնաւորապէս եգիպտացի ընթերցողին վրայ: Ի՞նչպէս էր անոնց արձագանգը:

 

Վերջին վէպս՝ «Երէկ Մահացած էի» իմ հինգերորդ վէպն  է, եւ անկեղծօրէն ըսեմ, որ նախկին իմ վէպերէս որեւէ մէկը այսպիսի արձագանգ չէր ձգած, այն աստիճան, որ կարծես իմ առաջին գործը ըլլար այս   մէկը։ Մէկ խօսքով  այս  վէպը իմ առաջին իսկական ծանօթացման հանդիպումը  եղաւ ընթերցողիս հետ: Good Reads –ի ինչպէս նաեւ այլ հարթակներու վրայ աննախադէպ անդրադարձներ եղան, թէ որքան բծախնդիր ու բարձրորակ գործ է, եւ որ ամէնէն զարմանալին թէ հեղինակը ինչպէս կրցած է  շօշափել  հայերու եւ  քիւրտերու  առօրեան, սովորոյթներն ու աւանդոյթները, որոնց հետ ընդհանրապէս որեւէ կապ չէ ունեցած:  Գրական քննադատները գրած էին,  որ վէպը պատմական ըլլալով հանդերձ, չէ ընկղմած պատմական արձանագրութիւններու մէջ, ինչպէս յաճախ կ'ընէ պատմական աղբիւր մը:

Իսկ բոլոր ընթերցողներու համընդհանուր կարծիքը այն էր, թէ ծանօթացած էին ժամանակաշրջանի մը, որուն մասին շատ բան չէին գիտեր: Վէպիս հայ հերոսները գրաւած էին ընթերցողներու կարեկցութիւնն ու խլած անոնց արցունքները:

- Արդեօ՞ք հայերը Եգիպտոսի հասարակութեան մէկ կարեւոր ու էական բաղադրիչը  կը համարուին այսօր: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այդ առումով:

Հայերը Եգիպտոս եղած են Աբբասեան Խալիֆայութեան օրօք, ապա անոնց թիւը շատցած է Մոհամմէտ Ալի Փաշայի շրջանին, որ օգտուած է հայերու փորձառութենէն: Իսկ Ցեղասպանութենէն ետք, հայերու հոսքը դէպի Եգիպտոս ալ աւելի շատցած է: Սակայն Ժամալ Ապտ Ալ Նասէրի օրօք, երբ անոր ընկերվարական քաղաքականութիւնը պետականացուց սեփական գործարանները, հայերէն շատեր ստիպուեցան գաղթել դէպի Եւրոպա:

Եգիպտացիք չեն մոռնար, որ Եգիպտոսի առաջին վարչապետը՝ Նուպար Փաշան հայ էր:

Ներկայիս հայ համայնքը սակաւաթիւ է, հազիւ 8000 հայութիւն կայ կեդրոնացած երկու գլխաւոր քաղաքներու՝ Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ:  հայերն ընդհանրապէս կամ բժիշկներ են կամ ոսկերիչներ: Ունին իրենց դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները եւ բարեսիրական միութիւնները, բայց ներգրաւուած չեն քաղաքական կեանքէն ներս:

Կարելի է ըսել, թէ եգիպտահայերը հակառակ լիբանանցիներուն, ձուլուած են Եգիպտոսի հասարակութեան մէջ, թերեւս խառն ամուսնութիւններու պատճառով, կամ թերեւս որովհետեւ Եգիպտոս այնպիսին է, որ իր մէջ կը  «ձուլէ» բոլոր օտար համայնքները:

- Արդեօք որոշ պատգամ մը ունիք ուղղելու հայ ժողովուրդին:

 

2019-ին, երբ գիրքը պատրաստ էր լոյս տեսնելու, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ այս տարուայ ապրիլին ալ Սպիտակ տունը ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, ասիկա մեծ նուաճում է ի նպաստ հայերուն, որովհետեւ կու գայ Ամերիկայի պէս մեծ երկրի մը կողմէ:

Հայ ժողովուրդը իր դիւանագիտութեամբ, ուժով, համբերութեամբ ու կամքով կրցաւ իր դատին մէջ յառաջխաղացում կատարել, ան երբեք չդիմեց բռնութեան կամ վրէժխնդրութեան: Այս կը հաստատուի նաեւ իմ վէպին մէջ, ուր կը մերժուի բռնութեան կիրառումը իր բոլոր տեսակներով, նոյնիսկ կրօնքով կամ ցեղով մեզմէ տարբերին, կամ օտարին  նկատմամբ:

Այնքան ատեն որ պահանջատիրութիւն կայ հայերու կողմէ եւ աշխատանք որպէսզի շատ երկիրներ ընդունին ցեղասպանութիւնը, ուրեմն կայ եւ յոյսը: Որեւէ երկիրէ որեւէ ճանաչման յայտարարութիւն դրական քայլ մըն է իրաւունքը վերադարձնելու ճանապարհին վրայ ու այդ ձեւով վրէժը լուծելու նահատակներուն: Այդ ճանաչումները նաեւ  կը բացայայտեն այն իրականութիւնները, որոնց շատեր իրազեկ չեն, ու կը նպասատեն տարածելու զանոնք միջազգային  մակարդակի  մը վրայ։

- Կ'ըսեն թէ պատմութեան մէջ յաճախակի պատեազմներ  եղած են բնաջնջելու փոքր ազգերն ու քաղաքակրթութիւնները: Դուք ի՞նչ կ'ըսէք այդ մասին:

 

Պատերազմները յաւիտեանս յաւիտենից կան: Ո՞ր մէկուն մասին խօսինք, Միջնադարեան շրջանի Խաչակիրներու արշաւանքներուն, Սպանիոյ մէջ Անտալուսի անկումէն ետք իսլամներու  դէմ  եղած կոտորածներուն, Ամերիկայի յայտնաբերութենէն ետք կարմիր հնդիկներու բնաջնջումին: Թէ ինչպէս սպանացիք ու փորթուկալցիք բնաջնջեցին հնագոյն քաղաքակրթութիւններն ու ցեղերը՝ Ազդէքները կամ Մայեաները, թէ խօսինք ինչպէս ֆրանսան սպաննեց մէկ միլիոն ալճերիացի: Կամ թէ խալիֆա Մաամունը ինչպէս սպաննեց հազարաւոր եգիպտացիներ: Ներկայիս ալ տակաւին կը շարունակուին պատերազմները, կը տեսնենք Իսրայէլ ինչպէս կը կոտորէ պաղեստինցիները: Ամերիկան ինչպէս կը քանդէ Իրաքը, Սուրիան ու Լիպիան:

Ըստ իս, իրականութեան մէջ պատերազմները եղած են բնաջնջելու թէ՛ հին ու մեծ քաղաքակրթութիւնները եւ թէ՛ կրօնական ու ցեղային փոքրամասնութիւնները:

Մարդ արարածը աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր  «կենդանի»- արարածն  է, ան միակն է, որ  յաճախ առանց մտածելու կը գործէ եւ   ինքզինք ալ կը սպաննէ ...։

 

 Հարցազրոյցը՝ Սագօ  Արեանի