image

Ֆրանսահայեր բողոքի ցոյց կատարած են Ալիեւի այցի դէմ (Լուսանկար)

Ֆրանսահայեր բողոքի ցոյց կատարած են Ալիեւի այցի դէմ (Լուսանկար)

Ֆրանսահայեր բողոքի ցոյց  կազմակերպած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Փարիզ այցելութեան դէմ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայ Ձայն», նշելով, որ բողոքի հաւաքը տեղի ունեցած է Փարիզի «Թրոքատէրօ» հրապարակին վրայ, ուր մասնակիցները բարձրացուցած են՝ Stop Aliyev խորագրուած պաստառները:



Բողոքի հաւաքին ելոյթ ունեցած են Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համկարգող մարմնի (CCAF) ներկայացուցիչներ:



Յիշեցնենք, որ բողոքի հաւաքը կազմակերպուած էր CCAF-ին կողմէ, եւ հաւաքին իրենց մասնկցութիւնը բերած են գաղութային տարբեր միութիւններու եւ շարժումներու անդամներ: