Ֆրանսահայեր բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Փարիզ այցելութեան դէմ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայ Ձայն», նշելով, որ բողոքի հաւաքը տեղի ունեցած է Փարիզի «Թրոքատէրօ» հրապարակին վրայ, ուր մասնակիցները բարձրացուցած են՝ Stop Aliyev խորագրուած պաստառները:

Բողոքի հաւաքին ելոյթ ունեցած են Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համկարգող մարմնի (CCAF) ներկայացուցիչներ:

Յիշեցնենք, որ բողոքի հաւաքը կազմակերպուած էր CCAF-ին կողմէ, եւ հաւաքին իրենց մասնկցութիւնը բերած են գաղութային տարբեր միութիւններու եւ շարժումներու անդամներ: