Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդները մտահոգութիւն արտայայտած են Հայաստանի մէջ հիմնարկներու միջեւ լարուածութեան բարձր մակարդակի կապակցութեամբ: Այդ մասին ըսուած է Հայաստանի մէջ ԵԽԽՎ վերահսկիչ յանձնաժողովի համազեկուցողներու տարածած յայտարարութեան մէջ, որն ամբողջութեամբ տեղադրուած է ԵԽԽՎ կայքին մէջ:
«Մենք շատ մտահոգուած ենք Հայաստանի երկու պետական հիմնարկներու՝ վարչապետի աշխատակազմի եւ ՍԴ նախագահի միջեւ լարուածութեան բարձր մակարդակով,- նշած են Հայաստանի մէջ վերահսկողութեան հարցով ԵԽԽՎ համազեկուցողներ Անտրէյ Շիրչելն ու Քիմօ Քիլիւնընը:
Ըստ յայտարարութեան՝ վերահսկողութիւնն ու հակակշիռներն անհրաժեշտ են ցանկացած ժողովրդավարական համակարգի մէջ:
«Այդ կ'ենթադրէ, որ բոլոր հիմնարկային ուժերը պէտք է գործեն օրէնքի գերակայութեան սկզբունքով եւ յարգեն այն իրենց արարքներուն եւ խօսքերուն մէջ՝ այդ շարքին՝ կապուած անմեղութեան կանխավարկածի հետ։ Երբ անոնք չեն կրնար գործել այս սկզբունքներուն համապատասխան, կը քայքայեն եւ կը վնասեն զիրար»։
Համազեկուցողներու խօսքով՝ իրենք անհանգստացած են այն վնասով, որ այս լարուածութիւնները, որոնք հասած են աննախադէպ մակարդակի, կրնան վնաս պատճառել ամբողջ դատական համակարգին, որուն հանդէպ վստահութիւնը արդէն իսկ ցած է։
«Մինչեւ այժմ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը յարգած են իրավիճակը կարգաւորելու իրաւական ընթացակարգերը։ Աւելին, իշխանութիւնները Վենետիկի յանձնաժողովին կարծիք հարցուցած են ՍԴ դատաւորներուն վաղաժամկէտ կենսաթոշակի անցնելու մեխանիզմի վերաբերեալ։ Համաձայն եւրոպական չափանիշներու՝ Վենետիկի յանձնաժողովն ընդգծած է, որ վաղաժամ կենսաթոշակի երթալը պէտք է ըլլայ խիստ կամաւոր եւ այս սկզբունքը պէտք է պահպանուի։ Որպէս համանախագահներ, մենք ուշադիր պիտի հետեւինք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները շարունակեն այս կերպ վարուիլ, անգամ եթէ այս մեխանիզմի նպատակը՝ պաշտպանել 2015 թուականի սահմանադրական փոփոխութիւններու ոգին, վաւեր կը թուայ»։
«Մենք արդէն շեշտած ենք, որ քաղաքական խաղացողները պէտք է ձեռնպահ մնան այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ որպէս դատական համակարգի նկատմամբ ճնշման գործադրում։ Որպէս յաւելում, մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ'ընենք նուազեցնելու լարուածութիւնը»,-նշած են համազեկուցողները:
Ինչպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ, այդ լարուածութիւնը պէտք չէ ստուերէ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը, թէ՛ անոնց, որոնք կը նախապատրաստուին, թէ՛ անոնց, որոնք արդէն գործարկուած են Եւրոխորհուրդի հետաքրքրութիւններու շրջագիծէն ներս գտնուող շատ ոլորտներու մէջ։