image

Կարիքն ունինք ճկուն քաղաքականութիւն վարող եւ լայնախոհ իշխանութեան.Կրէկուար Գալուստ

Կարիքն ունինք ճկուն քաղաքականութիւն վարող եւ լայնախոհ իշխանութեան.Կրէկուար Գալուստ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Լիբանանահայ Կրէկուար Գալուստ:

 

-Ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններէն:

Բնականաբար, ինչպէս որեւէ հայ, կ'ակնկալեմ որ ժողովրդավարութիւնը ըլլայ տիրապետող, ընտրութիւնները ընթանան հեզասահ, ժողովրդավար սկզբունքներու վրայ եւ ունենանք նոր Ազգային Ժողով մը, ուր իշխանութեան կողքին նաեւ ունենանք իսկական ընդդիմութիւն մը, որ իմ հասկացողութեամբ ըլլայ շինիչ առաջարկներ ներկայացնող ու նաեւ քննիչի դեր կատարող։

 Այդ բոլորը անշուշտ, որպէսզի իշխանութիւնը չունենայ մենաշնորհութիւն եւ ժողովրդավարութենէն հեռանալով երկիրը տանի մենատիրութեան:

 

- Առհասարակ, ինչ են ձեր մտավախութիւնները կապուած ընտրական գործընթացին ու նաեւ ընտրութենէն ետք ստեղծուելիք իրավիճակին:

Եթէ ունիմ մտահոգութիւններ, ապա անոնք կը վերաբերին ներկայիս տեղի ունեցող կամ նախքան քարոզարշաւի մեկնարկը եղած՝ ոչ շատ առողջ մթնոլորտին: Ես ընդհանրապէս նկարագիրով լաւատես եմ, սակայն իսկապէս մտահոգութիւն կը պատճառէ այս քիչ մը չափազանց լարուած մթնոլորտը: Իսկ ընտրութիւններէն ետք, անշուշտ այս պարագային ես պիտի աղօթեմ եւ մաղթանքս է, որ փարատի այս մթնոլորտը եւ ի վերջոյ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած պիտի ընդունինք արդիւնքը՝ այնպէս ինչպէս որ է:

 

-Հայաստանը այսօր ի՞նչ տեսակի իշխանութեան կարիքն ունի, որ կարողանայ յաղթահարել այս ծանր եւ դժուար ժամանակները:

Հայաստանի համար այսօր ստեղծուած բաւականին ծանր մթնոլորտին մէջ, կարիքն ունինք, այնպիսի իշխանութեան մը, որ ունենայ ոչ քարացած, ճկուն քաղաքականութիւն եւ յարաբերութիւններուն մէջ ըլլայ աշխոյժ, գործունեայ, յատկապէս անբաժանելի Ռուսաստանին հետ եւ նոյն ժամանակ նաեւ բարեկամ, հարեւան երկիրներուն հետ, կ'ակնարկեմ Վրաստանին եւ Իրանին, իսկ անկէ դուրս նաեւ Արեւմտեան աշխարհին հետ, յատկապէս եւրոպական, եւ ինչու չէ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ:

Մէկ խօսքով, ճկուն քաղաքականութեամբ՝ ի շահ մեր հայրենիքի բարգաւաճման, Հայաստանի շահերը հետապնդող եւ քիչ մը լայնախոհ իշխանութիւն կ'անկնկալեմ, որ ընդունի, այսպէս ըսուած, մրցակիցը եւ ինչու չէ՝ ընդդիմութիւնը: Եւ իմ կոչս է, ինչպէս միշտ, որ կ'ենթադրեմ իւրաքանչիւր հայու մաղթանքն ու ակնկալութիւնն է՝ ըլլանք աւելի միասնական, ըլլանք աւելի ուժեղ եւ գերադասենք հայրենիքի շահերը հատուածական կամ որեւէ այլ շահերէն վեր ու անդին, այս է կը կարծեմ կարգախօսը որով պէտք է առաջնորդուինք:

Եւ կը մաղթեմ, որ այս ընտրական արշաւը շուտով հասնի իր աւարտին եւ 20 Յունիսին ունենանք նոր Ազգային Ժողով մը, հիմնականը զիրար հանդուրժող իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, եւ շեշտը կը դնեմ առողջ ընդդիմութեան վրայ, որպէսզի ձեռք ձեռքի տալով կերտենք նոր նուաճումներ, եւ ես մեծ յոյսով եմ որ մեր հայրենիքը՝ մեր Հայաստանը անբաժան իր Արցախով, դարձեալ պիտի ունենայ եւ կերտէ փայլուն ու հզօր ապագայ: