ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 24 Փետրուարին Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի 50-ամեակին նուիրուած նախարարական հանդիպման: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն: Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը իր ունեցած ելոյթի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստան- Թուրքիա փակ սահմաններու հարցին եւ այս առումով ըսած «նիւթական դժուարութիւններու հետ մէկտեղ մենք առաւել ուշադրութեան արժանացնենք կայուն զարգացման ուղղուած խոչընդոտները` փակ սահմաններ, շրջափակումներ, անտեղի խտրական առեւտրային վարչաձեւեր: Ասոր վառ օրինակներէն է այն, որ Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող անօրինական շրջափակման պատճառով չի գործեր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղին (Կիւմրի-Կարս)` խոչընդոտ հանդիսանալով տարածաշրջանային կայուն զարգացման: