image

Երեսփոխան Միշէլ Աուն Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Երեսփոխան Միշէլ Աուն   Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 Լիբանան-  Լիբանանի «Ազգային ազատ հոսանք» հիմնադիր  երեսփոխան Միշէլ Աուն  բրոթոքոլային այցելութիւն մը տուած է  Պէյրութի  Էշրէֆիյէ շրջանին մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան: Այնուհետեւ Աուն ընդունուելէ ետք   Պատրիարքարանի պատասխանատուներուն կողմէ հանդիպում ունեցած է  Հայ Կաթողիկէ  Պատրիարք  Տ. Գրիգոր Ի. Կապրոյեանին  հետ:  Կողմերը քննարկած են  երկրի  ընդհանուր իրադրութիւնն ու    Միջին  Արեւելքի ու  մասնաւորապէս Լիբանանի  Քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած  մարտահրաւէրները: Նշենք, որ Աունին ընկերակացած են  Երեսփոխան Իպրահիմ Քընհան եւ  Միշէլ Տը Շատարեւեան:   Հանդիպման ներկայ գտնուած են      Պատրիարքի  օգնական եւ  Հայ Կաթողիկէ  համայնքի Պէյրութի առաջնորդ ՝Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան,   երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան եւ նախկին երեսփոխան Ժագ Չուխատարեան: