Լիբանան- Լիբանանի «Ազգային ազատ հոսանք» հիմնադիր երեսփոխան Միշէլ Աուն բրոթոքոլային այցելութիւն մը տուած է Պէյրութի Էշրէֆիյէ շրջանին մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան: Այնուհետեւ Աուն ընդունուելէ ետք Պատրիարքարանի պատասխանատուներուն կողմէ հանդիպում ունեցած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Տ. Գրիգոր Ի. Կապրոյեանին հետ: Կողմերը քննարկած են երկրի ընդհանուր իրադրութիւնն ու Միջին Արեւելքի ու մասնաւորապէս Լիբանանի Քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Նշենք, որ Աունին ընկերակացած են Երեսփոխան Իպրահիմ Քընհան եւ Միշէլ Տը Շատարեւեան: Հանդիպման ներկայ գտնուած են Պատրիարքի օգնական եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ ՝Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան եւ նախկին երեսփոխան Ժագ Չուխատարեան: