image
Հրատապ լուրեր:

Երեք կուսակցութիւն պիտի մասնակցի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն

Երեք կուսակցութիւն պիտի մասնակցի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն

«Լուսաւոր Հայաստան», «Հանրապետութիւն», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնները յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն հանդէս պիտի գան դաշինքով: Երեք քաղաքական ուժերու տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

««Լուսաւոր Հայաստան», «Հանրապետութիւն», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնները հաւատարիմ լինելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու իրենց յանձնառութեանը, գիտակցելով Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդրիների լուծման հրատապութեանը, ելնելով Հայաստանի իրականացման եւ ժողովրդավարական զարգացման առաջնահերթութիւնից, ականջալուր լինելով հասարակութեան հակասութիւնները հարթելու եւ համագործակցութեան հիմքեր դնելու հանրային պահանջին, համաձայնութեան եկան համատեղ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու մասին:

Ըստ այդմ՝ «Լուսաւոր Հայաստան», «Հանրապետութիւն», «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը 2017թ. խորհրդարանական ընտրութիւններին եւ Երեւանում աւագանու ընտրութիւններին կը մասնակցեն միասնաբար՝ ընտրական դաշինքով:

Համատեղ գործունէութեան, այդ թուում նոր ուժերի ներգրաւման վերաբերեալ որոշումները կը կայացնեն կոնսենսուսով: Համատեղ գործունէութեան արդիւնքում կը սկսեն բանակցութիւններ, միասնական կուսակցութիւն ստեղծելու:

Հետամուտ են Հայաստանում եւրոպական մոտելի, իրաւական, ժողովրդավարական, սոցիալական պետութեան կառուցմանը: Արձանագրում են, որ իրենց համատեղ գործունէութիւնը հիմնուած է Հայաստանի շահերի գերակայութեան սկզբունքի վրայ եւ նպատակ ունի ապահովել Հայաստանի երկարատեւ եւ կայուն զարգացումը»:

Հայտարարութիւնը ստորագրած են՝ 

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի նախագահ Էտմոն Մարուքեան, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Սարգսեան եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Սասուն Միքայէլեան: