Սուրիոյ մեծագոյն ջրամբարներէն համարուող Եփրատի կամ «Ալ Թապքա»ի ջրամբարը վտանգուած է: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող կայանները կը նշեն, որ ջրամբարի մէկ բաժինը բաւական վնասուած ըլլալով կրնայ ամբողջութեամբ փլուզուիլ՝ աննկարագրելի աղէտ մը հանդիսանալով ոչ միայն սուրիական այդ հատուածին, այլ նոյնիսկ Իրաքի կարգ մը շրջաններուն համար:
Նշենք, որ Թապքայի ջրամբարին մօտ եղող հատուածներուն մէջ երէկուընէ սկսեալ ծանր մարտեր կ'ընթանան, մէկ կողմէն քրտական YPG եւ միւս կողմէն «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն միջեւ: Աւելի ուշ քրտական զինեալ ջոկատներու մէկ բանբերը հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով նշած է, որ իրենք յարմար տեսած են չորս ժամով դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները, յայտնելով նաեւ, որ ջրամբարի յատուկ մասնագիտական խումբ մը շրջան մուտք պիտի գործէ եւ անհրաժեշտ նորոգութիւններ իրականացնէ:
Նոյն բանբերը նշած է, որ Տահէշի դէմ ստեղծուած միջազգային դաշնակից ուժերու կործանիչներ երբեք թիրախ չեն դարձուցած Եփրատի ջրամբարը:
Յիշեցնենք, որ «Ալ Թապքա»ի ջրամբարի կառուցումը սկիզբ առած է 1968 թուականին, Խորհրդային Միութեան անմիջական օգնութեամբ եւ նեցուկով: 60 մեթր բարձրութիւն ունեցող եւ 14 միլիառ խոռանարդ ջուր պարունակող ջրամբարին քանդուելու պարագային կրնայ ղէտալի վիճակ ստեղծուիլ եւ քանդուիլ շրջանին մէջ գտնուող մինչեւ 300 գիւղաւան:4500 մեթր երկարութիւն ունեցող ջրամբարը կը հասնի մինչեւ Թուրքիոյ հետ սահմանային Մընպէժ քաղաք, իսկ քանդուելու պարագային անոր ջուրին հոսքը մէկ ժամուան մէջ կը հասնի 120 քլմ. արագութեան: Այդ տարածքները «անապատային դարձնել»ու կարողութիւն ունեցող Եփրատի ջրամբարին ջուրերը կէս ժամուան ընթացքին կրնան հասնիլ Տէր Զօր եւ քաղաքը 15 մեթր բարձրութեամբ ջուրով պատել:
Սուրիական տարածքներու հարցերով զբաղուող մէկէ աւելի մասնագէտներ կարծիք յայտնած են, որ եթէ Եփրատի ջրամբարը կործանի, ապա այն պիտի համարուի «սպանդներուն սպանդ»ը՝ խլելով մինչեւ երեք միլիոն մարդու կեանք: