image

Ձերբակալուած են PKK-ին Ֆինանսապէս Աջակցող 22 Անձեր

Ձերբակալուած են PKK-ին Ֆինանսապէս Աջակցող 22 Անձեր

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Պոլսոյ ոստիկանութիւնը կալանաւորած է 20 կասկածեալներ, որոնք ֆինանսապէս կ'աջակցին PKK-ի կազմակերպութեան: Այս մասին հաղորդելով «Տէյլի Սապահ» կը նշէ նաեւ, որ ոստիկանութիւնը Հինգշաբթի գիշեր այդ նպատակով խուզարկած է 36 հասցեներ, որոնցմէ 22-ը Պոլսոյ մէջ եղած են, եւ ձերբակալած է աւելի քան 20 կասկածեալներ: Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ գործողութիւնը իրականացուած է առաւօտ կանուխ, տարբեր վայրերու մէջ միաժամանակ եւ ոստիկանակն ուղղաթիռներու օդային աջակցութեամ: Կասկածեալ ձերբակալեալներու մեղադրանքը անօրէն միջոցներով գումար հաւաքել եւ զանոնք PKK-ի զինեալ խումբերուն փոխանցելը եղած է: