image

Ձերբակալուած Է Փարիզեան Յարձակումները Ծրագրողի Հետ Կապի Մէջ Եղող Պելճիքացի Մը

Ձերբակալուած Է Փարիզեան Յարձակումները Ծրագրողի Հետ Կապի Մէջ Եղող Պելճիքացի Մը

Մարոք- («Ալհայաթ»- Լոնտոն)- Մարոքը ձերբակալած է Պելճիքացի մը, որ ուղղակի կապ մէջ եղած է 2015ի Նոյեմբերին Փարիզի յարձակումները կատարողներուն հետ: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-հայաթ»ը, նշելով, որ Մարոքի ներքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի յայտարարած է, որ անցեալ շաբաթ, Տար Ալ-Պայտաաի մօտ գտնուող  Ալ-Համիտիյէ քաղաքին մէջ ձերբակալած է ծագումով մարոքցի պելճիքացի մը, որ կապի մէջ եղած էր Փարիզը թիրախաւորած ահաբեկչական յարձակումի կազմակերպիչներուն եւ ծրագրողին՝ Ապտ Ալ-Համիտ Ապա Ուտի հետ, որու հետեւանքով զոհուած էին 130 մարդ:

Աղբիւրը  կը նշէ, որ կասկածեալի շուրջ կեդրոնական գրասենեակի իրականացուցած նախնական հետազօտութիւնները  բացայայտած են, որ ձերբակալեալը նախ Պէլճիքայէն անցած է Սուրիա, ընկերակցութեամբ Սան Տոնիի մէջ ինքնասպանական գործողութիւն կատարողներէն մէկուն հետ, եւ այնտեղ մաս կազմած է «Ալ-նուսրա»ի շարքերուն, նախքան «Տահէշ»ին անդամակցիլը: «Տահէշ»ի մօտ ան ծանօթացած է Փարիզի յարձակումները ծրագրող՝ Ապա Ուտի  հետ:

Միւս կողմէ Պելճիքայի դաշնային դատախազութիւնը յայտարարած է, որ ձերբակալովող անձը Ճալալ Ալ-Աթթարն է, որ  2013 թ.ին Պրիւքսէլի մէջ 5 տարուան բանտարկութեամբ դատապարտուած  էր, ահաբեկչական կազմակերպութեան պատկանելու եւ գողութեան համար, ուր նոյն յանձանքով դատապարտուած էր նաեւ Ապա Ուտը, սակայն ան արդէն Մարոք կը գտնուէր: Պելճիքան անոր դէմ միջազգային հետախուզման հաղորդագիր տարածած էր 2014թ.ին: