Անգարա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Պասսը հինգշաբթի օր կոչ ուղղած է PKK-ին վերջ տալու իր «վայրագ եւ անիմաստ» յարձակումներուն, որ կը կիրառէ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան քաղաքներու բնակչութեան եւ անվտանգութեան ուժերուն դէմ: Այս մասին կը փոխանցէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ դեսպանը իր խօսքին մէջ ցաւակցութիւնը յայտնած է նաեւ զոհուած անվտանգութեան ուժերու հարազատներուն, որոնք սպաննուած էի PKK-ի վերջին յարձակման ընթացքին, 27 Յունուարին:
«Սապահ» կը նշէ, որ դեսպանատան պաշտօնական Twitter-ի էջին իջած յայտարարութեան մէջ դեսպանը հաստատած էր, որ «PKK-ի վայրագութիւններու վերսկսիլը» լայնատարած վնասներ առաջացուցած է երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ եւ ազդած է անհամար քաղաքացիներու վրայ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ չորեքշաբթի օր երկու ոստիկաններ զոհուած են Շիրնաք նահանգի Սիզրէ քաղաքին մէջ եւ չորս զինուորներ՝ Տիարպէքիր նահանգի Սուր քաղաքին մէջ: Ինպէս նաեւ գլխաւոր շտապի յայտարարութեան համաձայն, Սուրի մէջ PKK-ի զոհերու ընդհանուր թիւը հասած է 134-ի, մինչ 15-Դեկտեմբերի ի վեր 465 PKK- ի անդամներ զոհուած են Սիզրէի գործողութիւններուն:
Կը նշուի, որ PKK կողմէ թրքական պետութեան դէմ Յուլիսի վերջերը վերսկսած զինեալ պայքարէն սկիզբէն ի վեր սպաննած են աւելի քան 240 անվտանգութեան ուժերու անդամներ: