«Փեթակ» առեւտուրի կեդրոնի մօտ լարուածութիւն առաջացած է ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ այն բանէն ետք, երբ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, թէ պէտք է մուտք գործէ եւ առեւտուր ընէ:
Յատուկ ջոկատայինները թոյլ չտուին անոնց մուտք գործել առեւտուրի կեդրոն: Փաշինեանը փորձեց ցանկապատի վրայէն անցնիլ, ինչէն ետք լարուածութիւն առաջացաւ:
Ցուցարարները կը վանկարկոեն. «Բա-ցէք»: Նիկոլ Փաշինեանը կոչ կ'ընէ առեւտուրի կեդրոնի բոլոր մուտքերը փակել: