image

Չինացիներու Հայաստան մուտքի ընդունուած կարգը փոխուեցաւ. Այսուհետեւ վիզայի կարիք պիտի ըլլայ

Չինացիներու Հայաստան մուտքի ընդունուած կարգը փոխուեցաւ. Այսուհետեւ վիզայի կարիք պիտի ըլլայ

1 Փետրուար 2020֊էն մինչեւ 31 մարտը Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան քաղաքացիներու համար Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքի վիզայի գործող ազատ ռեժիմը կասեցուած է։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը։

«Հաշուի առնելով քորոնա ժահրի պատճառած համաճարակային իրավիճակը՝ 1  փետրուար 2020-էն մինչեւ 31 մարտը Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան քաղաքացիներու համար Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտքի վիզայի գործող ազատ ռեժիմը կը կասեցուի»,-նշած է ան: