«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը թէ հին, թէ նոր Ընտրական օրէնսգիրքով պատրաստ է երթալու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Իվեթա Տօնոյեանը։
«Վերջին մշակուած տարբերակից յետոյ քաղաքական քննարկում այս հարցի հետ կապուած չենք ունեցել , բայց առկայ դիրքորոշումն այն է, որ մենք այս հարցով որեւէ բովանդակային քննարկման դաշտ իշխանութեան հետ չենք մտնելու։ Մենք, որպէս կայացած քաղաքական ուժ, որեւէ խնդիր չենք տեսնում ցանկացած օրէնսգրքով ընտրութիւններին մասնակցելու մէջ։ Այսինքն՝ մեզ համար սկզբունքօրէն միեւնոյնն է, թէ որ Ընտրական օրէնսգրքով՝ հին թէ նոր, կը գնանք ընտրութիւնների։ Կարեւորն այն է, որ, օրինակ, Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնների պատրուակով հերթական անգամ ընտրութիւնների օրը չտեղափոխուի, կամ քաղաքական այլ գործընթացները չփորձեն յարմարեցնել Ընտրական օրէնսգրքի չակերտաւոր բարեփոխումների հետ»,- ըսած է Իվեթա Տօնոյեանը։
Այդուհանդերձ, Իվեթա Տօնոյեանի կարծիքով՝ մինչեւ ընտրութիւններն Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու իշխանութիւններու որոշումը նպատակայարմար չէ։
Հարցին, թէ ով պիտի ըլլայ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուն, Իվեթա Տօնոյեանը վստահութիւն յայտնած է, որ ցուցակը պիտի գլխաւորէ Գագիկ Ծառուկեանը․ «Սա իմ անձնական կարծիքն է, որն իմ թիմակիցները կարծում եմ՝ կը կիսեն»։