image

Բակօ Սահակեան Գրիգորի Մարտիրոսեանը պետական նախարար նշանակեց

Բակօ Սահակեան Գրիգորի Մարտիրոսեանը  պետական  նախարար  նշանակեց

Արայիկ Յարութիւնեանի  այսօր ներկայացուցած     հրաժարականէն ետք   Արցախի Հանրապետութեան  նախագահ՝ Բակօ Սահակեան Գրիգորի Մարտիրոսեան պետական  նախարար  նշանակեց:

 

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 6 յունիսին հրամանագիրներ ստորագրած է, որոնցմով փոխուած են կառավարութեան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ուժային կառոյցներու ղեկավարներ:

 

Հրամանագիրներուն համաձայն`

 

Գրիգորի Մարտիրոսեան նշանակուած է պետական նախարար` ազատուելով ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնէն, Արթուր Յարութիւնեան նշանակուած է Ելեւմուտքի նախարար, գնդապետ Սամուէլ Շահրամանեան նշանակուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն, գնդապետ Իկոր Գրիգորեան նշանակուած է ոստիկանութեան պետ:

 

Նախապէս Արայիկ Յարութիւնեան իր դիմումին համաձայն ազատուած էր պետական նախարարի պաշտօնէն, զօրավար-հարիւրապետ Արշաւիր Ղարամեան` Ազգային անվտանգութեան տնօրէնի պաշտօնէն, զօրավար-աւագ սպայ Կամօ Աղաճանեան` ոստիկանութեան պետի պաշտօնէն:

 

Լեռնային Ղարաբաղի նորանշանակ պետական նախարար 40ամեայ Գրիգորի Մարտիրոսեան մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, վերջին 20 տարուան ընթացքին շարք մը պաշտօններ  զբաղեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մէջ, իսկ 2017ին նշանակուած է Ելեւմուտքի նախարար: Զուգահեռաբար կը դասաւանդէ Արցախի պետական համալսարանին մէջ:

 

Յիշեցնենք, որ 1 յունիսին Ստեփանակերտի մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու եւ քաղաքացիներու միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքէն ետք բողոքի ցոյցի դուրս ելած Արցախի բնակիչները կը պահանջէին  ուժային կառոյցներու ղեկավարներու հրաժարականը: