image
Հրատապ լուրեր:

Ազրպէյճան հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտած է աւելի քան 90 անգամ

Ազրպէյճան հրադադարի պահպանման ռէժիմը խախտած է աւելի քան 90 անգամ

Անցեալ գիշեր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի հարաւային (Հադրութ), արեւելեան (Մարտունի-Ակնա) եւ հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) ուղղութիւններով հակառակորդը շարունակած է զինատեսակներէ խախտել հրադադարի պահպանման ռէժիմը: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ՊԲ լրատուական ծառայութենէն, նշելով, որ շուրջ 90 անգամ տեղ գտած խախտումներու ընթացքին ազրպէյճանական զինուժը հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է մօտ 1900 կրակոց:
Բացի հրաձգային զինատեսակներէ Մարտակերտի պաշտպանական ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է նաեւ ականանետ (3 արկ):