Տոնպասի հարցով եռակողմ շփման խումբի Քիեւեան պատուիրակութեան ղեկավար Լեոնիտ Քրաւչուքը առաջարկած է հինգշաբթի օրուայ սկիզբէն վերադառնալ Տոնպասի մէջ լիակատար եւ համապարփակ ռեժիմով հրադադարին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը` յղում տալով պատուիրակութեան խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչին:
«Լեոնիտ Մակարովիչ Քրաւչուքը հանդիպումը սկսած է այսօր ժամը զէրոյէն ամբողջական եւ համապարփակ հրադադարին վերադառնալու առաջարկով: Այս առաջարկն այժմ կը քննարկուի»,-ըսած է Արեստովիչը: