Ըստ բրիտանական Daily Telegraph պարբերականին, Սուրիոյ նախագահը այս պատերազմի գլխաւոր յաղթողն է: Թերթը, որ այս թեմայով երկար վերլուծական մը հրապարակած է, նաեւ դիտել տուած է, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի կողքին Ասատ կը համարուի պատերազմը յաղթող գլխաւոր եւ հիմնական կողմ: Աղբիւրը, խօսելով Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք յետագայ զարգացումներուն մասին, գրած է, թէ ինչ ալ ըլլան գործընթացները, արեւմուտքը պէտք է սկսի «մարսել» այն միտքը, ըստ որուն Ասատ յառաջիկայ հանգրուանի գլխաւոր խաղացողն է ու այդ առումով եւրոպական երկիրներ պէտք է պատրաստուին զիջումներու երթալ: