Մարիամ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առթիւ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայաի ամարային հովոցէն ներս իր տուած պատգամին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքի հիմնական մասը յատկացուց Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն: Կիլիկեան աթոռի գահակալը այս առթիւ հայրենի իշխանութիւններէն պահանջեց արագօրէն դիպուկ բարեփոխումներ կատարել` լուծելու համար երկրին մէջ ծանրացած ընկերային ծանր պայմանները: Վեհափառը, խօսելով Հայաստանի այսօրուան հարցերուն մասին ըսաւ. «Հայաստանի պետութեան արմատները կրնան խախտիլ արտագաղթի հետեւանքով»: Ան նաեւ ըսաւ, որ սփիւռքը չպէտք է միայն հանդէս գայ դիտողի դերով, այլ մասնակից ըլլայ Հայաստանի հարցերու լուծման բոլոր գործընթացներուն: Վեհափառ հայրապետը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ այսօր երեւելի դարձած ծանր տագնապներուն համար՝ նկատել տալով, որ այսօրուան խնդիրները, եթէ արագօրէն չլուծուին, ապա անոնք կրնան աննախադէպ եւ անկանխատեսելի տագնապներու տանիլ երկիրը: Ան այս առումով մասնաւորապէս ըսաւ. «Եկած է պահը զգաստութեան եւ ինքնաքննութեան անկեղծ մօտեցումներու: Մեր իշխանութիւնները պէտք է գործնական եւ ճիշդ քայլերու դիմեն այսօր, այլապէս վաղը կրնայ ուշ ըլլալ»: Ան, քննադատելով Հայաստանի մէջ եղած երեւոյթները, յարեց՝ «Ոչ ոք իրաւունք ունի Հայաստանը անիշխանական ալիքներու մէջ ծփացող երկրի մը վերածելու եւ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին անկեղծ մօտեցումներով եւ ոչ թէ խաբուսիկ ձեւերով»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կոչ ուղղեց հայրենի իշխանութիւններուն՝ սթափ կերպով հետեւելու շրջանին մէջ երեւելի դարձած աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններուն եւ ըստ այնմ ձեռնարկել տեղին քայլեր եւ ընդունիլ ճիշդ որոշումներ: Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ «բացարձակօրէն արտօնելի չէ, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ հայու արիւն թափուի, որովհետեւ հայու արիւնը պէտք է ըլլայ միայն Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն պաշտպանութեան հիմնական գրաւականը»: Տ.Տ. Արամ Ա. իր խօսքի աւարտին շեշտեց հայ ժողովուրդի միասնականութեան գրաւին վրայ, ըսելով, որ «մեր ժողովուրդը մէկ է , ունի մէկ անցեալ եւ մէկ պատմութիւն» եւ այսօր հայ ժողովուրդի իր բոլոր խնդիրները պէտք է լուծէ միայն միասնական ճիգերով:
Լուսանկարը ՝ Thoughts by Catholicos Aram I Ֆէյսպուքեան էջէն: