image

«Արտօնելի չէ, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ հայու արիւն թափուի». Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Արտօնելի չէ, որ Երեւանի  փողոցներուն  մէջ հայու արիւն թափուի». Յայտարարեց  Արամ  Ա. Կաթողիկոս

Մարիամ   Աստուածածնայ վերափոխման  տօնին առթիւ   Կաթողիկոսութեան Պիքֆայաի ամարային հովոցէն ներս  իր տուած պատգամին մէջ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.   Արամ Ա.    Կաթողիկոս իր խօսքի  հիմնական մասը   յատկացուց Հայաստանի  վերջին իրադարձութիւններուն:   Կիլիկեան աթոռի գահակալը  այս առթիւ հայրենի իշխանութիւններէն  պահանջեց   արագօրէն   դիպուկ  բարեփոխումներ  կատարել` լուծելու համար երկրին մէջ ծանրացած ընկերային ծանր պայմանները:  Վեհափառը, խօսելով Հայաստանի  այսօրուան հարցերուն մասին ըսաւ. «Հայաստանի  պետութեան   արմատները կրնան  խախտիլ արտագաղթի     հետեւանքով»:  Ան նաեւ ըսաւ,  որ սփիւռքը   չպէտք է միայն հանդէս գայ դիտողի դերով, այլ մասնակից ըլլայ Հայաստանի   հարցերու  լուծման բոլոր գործընթացներուն:  Վեհափառ հայրապետը   խոր մտահոգութիւն յայտնեց  Հայաստանի մէջ այսօր երեւելի դարձած  ծանր տագնապներուն համար՝ նկատել տալով, որ  այսօրուան  խնդիրները, եթէ  արագօրէն չլուծուին, ապա  անոնք  կրնան աննախադէպ եւ անկանխատեսելի    տագնապներու տանիլ  երկիրը: Ան այս առումով մասնաւորապէս ըսաւ.  «Եկած  է պահը  զգաստութեան եւ ինքնաքննութեան անկեղծ մօտեցումներու: Մեր  իշխանութիւնները պէտք է գործնական   եւ ճիշդ   քայլերու  դիմեն  այսօր,   այլապէս վաղը կրնայ ուշ ըլլալ»: Ան, քննադատելով  Հայաստանի մէջ եղած  երեւոյթները, յարեց՝ «Ոչ ոք իրաւունք ունի   Հայաստանը անիշխանական ալիքներու մէջ ծփացող երկրի մը վերածելու  եւ  բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին   անկեղծ մօտեցումներով եւ ոչ թէ խաբուսիկ   ձեւերով»:   Վեհափառ  հայրապետը   նաեւ կոչ ուղղեց հայրենի իշխանութիւններուն՝   սթափ կերպով հետեւելու շրջանին մէջ      երեւելի դարձած  աշխարհաքաղաքական  մեծ փոփոխութիւններուն  եւ ըստ  այնմ  ձեռնարկել    տեղին  քայլեր եւ  ընդունիլ ճիշդ որոշումներ:   Վեհափառը նաեւ  յայտնեց, որ «բացարձակօրէն     արտօնելի չէ, որ Երեւանի փողոցներուն   մէջ  հայու արիւն  թափուի, որովհետեւ հայու արիւնը   պէտք է ըլլայ միայն Հայաստանի եւ Արցախի  սահմաններուն   պաշտպանութեան    հիմնական գրաւականը»:  Տ.Տ. Արամ Ա. իր խօսքի աւարտին  շեշտեց հայ ժողովուրդի միասնականութեան   գրաւին վրայ,  ըսելով, որ    «մեր ժողովուրդը մէկ է , ունի մէկ անցեալ եւ մէկ պատմութիւն»  եւ այսօր հայ ժողովուրդի իր բոլոր խնդիրները  պէտք է լուծէ միայն  միասնական   ճիգերով:  

 

Լուսանկարը ՝ Thoughts by Catholicos Aram I Ֆէյսպուքեան էջէն: