«ԾԻԼ» արուեստի կեդրոնը եւ «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութիւնը կը հրաւիրեն 6-14 տարեկան երեխաները՝ մասնակցելու արեւմտահայերէնի կիրակնօրեայ դասընթացքներուն։ Առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 7-ին, ժամը 11։00-ին «Հալէպ» կազմակերպութեան նոր կեդրոնի մէջ՝ Վարդանանց 8 Ա հասցէով։ Ինչպէս «Արևելքին» յայտնած են այս նախաձեռնութեան հեղինակները, «ԾԻԼ» արուեստանոցի նպատակն է արդի հայերէնի երկու գրական տարբերակներէն՝ արեւմտահայերէնի բանաւոր եւ գրաւոր կենսունակութեան ապահովումը՝ մանկական խաղերու, երգերու, թատրոնի միջոցաւ։ Արևմտահայերէնի դասընթացքներուն մասնակցութիւնն անվճար է։ Փափաքողները կրնան հեռաձայնել՝ 093 45-25-36: