image

Արեւելեան Հոլիվուտի Թաղային Խորհուրդի ընտրութիւններուն շահած են երեք հայեր

Արեւելեան Հոլիվուտի Թաղային Խորհուրդի ընտրութիւններուն շահած են երեք հայեր

Արեւելեան Հոլիվուտի 2016-ի Թաղային խորհուրդի (Neighborhood councils) ընտրութիւններուն մասնակցող հայերը յաղթած են՝ ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ առաջ անցնելով իրենց մրցակիցներէն: Արդիւնքներուն համաձայն, Թաղային խորհրդի մէջ Թերեզա Երիմեանը կը ներկայացնէ Փոքրիկ Հայաստանի շրջանը, Սեդա Փանոսեանը՝ սեփականատէրերու շահերը, Շահան Սուզմէյեանն ալ կ'ըլլայ հանրային անվտանգութեան ներկայացուցիչը: Ընտրութիւններուն յաղթած են նաեւ նշեալ թեկնածուներու հետ մէկ ընդհանուր խումբով ներկայացած հայամէտ թեկնածուները: Մայիսի մէկին կայացած Թաղային խորհրդի ընտրութիւններուն մասնակցած է 457 մարդ:

Նշենք, որ Թաղային խորհուրդները հասարակական անկախ մարմիններ են, որ աշխուժօրէն կը համագործակցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին հետ՝ ներկայացնելով տուեալ շրջանի բնակիչներու հաւաքական ձայնը: