Արցախի մեկուսացումը անթոյլատրելի է։ Այս մասին Արցախի ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ հռչակագրի ստորագրուէն ետք հրաւիրուած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ֆրանսական Օվերն Ռոն Ալփի մարզի ղեկավար Լորան Վոքիէն։
Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտի օդակայանի շահագործման խոչընդոտելու մասին հարցը՝ ան ըսած է․ «Մեր մօտեցումը նոյնն է։ Խօսքը մարդոց, ժողովուրդի մասին է։ Եւ բոլորը կը հասկանան՝ եթէ Արցախը դատապարտեն մեկուսացման, այդ չի նպաստեր զարգացման, տնտեսական աճին։ Այդպիսով մենք կը հասնինք բնակչութեան համար վատագոյն ապագային։ Եւ ինչպիսին ալ ըլլան տարբեր երկիրներու կարծիքները, այն անթոյլատրելի է»։
Հանդիպման լոյսին տակ կողմերը ստորագրեցին միացեալ հռչակագիր, որուն մէջ յատկապէս նշուած է, որ Արցախի ժողովուրդին մեկուսացումը կը խոչընդոտէ անոր կողմէ իր հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու կիրարկումն ու կը հակասէ ազատութեան, հաւասարութեան եւ համագործակցութեան ոգիին, առանց որոնց շրջանին մէջ անկարելի է ամուր խաղաղութեան հաստատումը:
Հռչակագիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման, մասնաւորաբար համոզում յայտնելով, որ Արցախի իշխանութիւններուն վերստին ներգրաւումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ ընթացող բանակցային հոլովոյթին, աւելի բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծէ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար:
Հռչակագիրին միացան նաեւ Օվերն-Ռոն Ալփ շրջանի քանի մը քաղաքներու քաղաքապետներ: