image

Մէկ Հանրապետութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշ. Գրեց՝ Րաֆֆի Արտալճեան

Մէկ Հանրապետութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշ. Գրեց՝ Րաֆֆի Արտալճեան

Յաճախ կանգ առած եմ Հայաստանի փոքր քաղաքներու մուտքին գտնուող դրօշակի ձողերուն առջեւ: Երկնքին վրայ հանդարտօրէն ծածանող եռագոյնը դիտորդը խորհրդածութեան կը հրաւիրէ: Անոր այդ լուռ ներկայութիւնը այժմ դարձած է մնայուն դրուածք: Սակայն այն օրերուն, երբ քաղաքական բեւեռացումն աւելի ու աւելի փորձաքարի դէմ յանդիման կը դնէ հայկական ազգային համախմբուածութիւնը, եռագոյնը կարծես աւելի խոր հարցում մը կը յառաջացնէ: Հանրապետութեան պետական դրօշ ըլլալէ անդին` ի՞նչ դեր պէտք է ունենայ հայկական եռագոյնը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, աւելի լայն, հայ ազգին միջեւ կապը ամրապնդելու մէջ:

3 յուլիս 2026-ին Հայաստանի Ազգային ժողովը փոփոխութիւններ կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան «Պետական դրօշին մասին» օրէնքին մէջ` պարտադիր դարձնելով ազգային դրօշի մնայուն ծածանումը երկրի բոլոր քաղաքներու, աւաններու եւ գիւղերու գլխաւոր մուտքերուն: Թէեւ այս քայլը միօրինակ չափանիշ մը կը սահմանէ երկրի կարեւորագոյն պետական խորհրդանիշի ցուցադրման համար, բայց եւ այնպէս, անոր նշանակութիւնը շատ աւելի հեռու կ՛անցնի պարզ արտաքին տեսքէն: Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ ազգերը կը պահպանուին ոչ միայն ազգային հաստատութիւններով եւ օրէնքներով, այլ նաեւ` այն ընդհանուր խորհրդանիշներով, որոնք կը սնուցանեն միասնական ազգային ինքնութեան զգացումը: Այդ խորհրդանիշներուն մէջ չկայ աւելի տոկուն ու մնայուն արժէք մը, որքան` ազգային դրօշը:

Պատմութիւնը Հայաստանին պարգեւած է ուրոյն քաղաքական իրականութիւն մը: Դարեր շարունակ օտար տիրապետութիւնը, տարածքային կորուստները եւ պարբերական տեղահանութիւնները աստիճանաբար անջատեցին հայ ազգը իր ինքնիշխան պետութենէն:

Իբրեւ արդիւնք` այսօր ունինք հանրապետութիւն մը,  որ արմատաւորուած է պատմական Հայկական Լեռնաշխարհի մնացեալ ինքնիշխան հատուածի մը վրայ, եւ այն, ինչ սփիւռքագէտ դոկտ. Խաչիկ Թէօլէօլեան բնութագրած է իբրեւ հայկական «անդրազգ» (TransNation)` ազգ մը, որուն անդամները կ՛ապրին բազմաթիւ տարբեր պետութիւններու մէջ, բայց կը մնան մէկ պատմական համայնքի բաղկացուցիչ մասը: Ճիշդ այս պատմական իրականութիւնն է, որ հայկական եռագոյնին կու տայ իմաստ մը, որ շատ աւելի անդին կը տարածուի, քան` հանրապետութեան սահմանները: Հետեւաբար հայերուն համար ազգային դրօշին նշանակութիւնը շատ աւելի անդին կը տարածուի, քան` հանրապետութեան սահմանները:

Հայկական եռագոյնը առաջին անգամ որդեգրուեցաւ 1918-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կողմէ: Թէեւ այդ հանրապետութիւնը միայն երկու տարի գոյատեւեց` մինչեւ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ներառուիլը, բայց եւ այնպէս, եռագոյնը դարձաւ ազատութեան եւ ինքնորոշման նկատմամբ վերանորոգուած ազգային ձգտումին մարմնաւորումը: Խորհրդային ժամանակաշրջանին ան անհետացաւ Հայաստանի մէջ պաշտօնական գործածութենէն, սակայն շարունակեց հպարտօրէն ծածանիլ աշխարհի տարածքին հայկական համայնքներուն մէջ: Երբ հանրապետութիւնը 1990-ին վերահաստատեց եռագոյնը, նոյնիսկ` 1991-ի անկախութեան պաշտօնական հռչակումէն առաջ, ան խորհրդանշեց ոչ միայն դրօշի վերադարձը, այլ նաեւ` հայկական ինքնիշխանութեան վերականգնումը:

Պատմութեան ընթացքին դրօշները շատ աւելի մեծ դեր կատարած են, քան` զուտ զարդարանք ըլլալը: Անոնք ժողովուրդի մը ինքնութեան, պատմութեան եւ համատեղ ճակատագրի տեսողական արտայայտութիւնն են:  Քաղաքական մտածողներ վաղուց նկատած են, որ ազգերը բացառիկ են անոր համար, որ կը յաջողին ամբողջովին անծանօթ մարդոց մէջ սերմանել զիրար որպէս միեւնոյն համայնքի անդամ տեսնելու ունակութիւնը: Դպրոցներուն մէջ մանուկները կը բարեւեն ազգային դրօշը: Մարզիկները կը մրցին անոր հովանիին տակ: Զինուորները կը պաշտպանեն զայն: Քաղաքացիները տօնակատարութիւններու, սուգի եւ ճգնաժամերու պահերուն անոր շուրջ կը համախմբուին: Այս ընդհանուր փորձառութիւններուն շնորհիւ` դրօշը կը միահիւսուի ազգի մը հաւաքական յիշողութեան հետ: Լաւագոյն պարագային, ասիկա ազգայնականութեան կառուցողական կողմն է: Անիկա միլիոնաւոր անհատներ կը վերածէ մէկ ամբողջական ժողովուրդի, որ պատրաստ է` համագործակցելու, զոհողութիւններ յանձն առնելու եւ կերտելու միացեալ ապագայ մը:

Սակայն հայերուն համար եռագոյնը կը կրէ յաւելեալ նշանակութիւն մը, զոր շատ քիչ ազգային դրօշներ ունին: Ռուսիայէն (ուր կ՛ապրի աւելի քան երկու միլիոն հայ) մինչեւ Լոս Անճելըսի, Փարիզի, Պէյրութի, Պուէնոս Այրեսի եւ Սիտնիի ծաղկուն հայկական համայնքներուն մօտ եռագոյնը դարձած է հայութիւնը աշխարհամասէ աշխարհամաս իրարու կամրջող խորհրդանիշը: Շատ մը սփիւռքահայերու համար ան եղած է հայկական ինքնութեան առաջին տեսանելի խորհրդանիշը` նախքան երբեւէ Հայաստանի Հանրապետութիւն այցելելը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եռագոյնի օրինական պահապանն է, սակայն դրօշը  ամէնուրեք դարձած է հայութեան համատեղ ազգային խորհրդանիշը: Անիկա կը միաւորէ ոչ միայն պետութիւնը, այլ նաեւ` հայկական անդրազգը: Այս ընկալումը նաեւ կը յենի քաղաքական սփիւռքի գաղափարին վրայ, որուն մասին խօսած եմ իմ նախորդ` «Քաղաքական սփիւռք» յօդուածիս մէջ («Ազդակ», 7 օգոստոս 2025):

Քաղաքական փիլիսոփայութիւնը յստակ տարբերութիւն կը դնէ պետութեան եւ ազգին միջեւ: Պետութիւնը ինքնիշխան քաղաքական հաստատութիւն մըն է, մինչդեռ ազգը պատմական համայնք մըն է, որ միաւորուած է ընդհանուր յիշողութեամբ, մշակոյթով եւ պատկանելիութեան զգացումով: Քաղաքական ազգը կը կազմաւորուի, երբ այդ համայնքը կը ստեղծէ ինքնակառավարման, քաղաքացիութեան եւ քաղաքացիական պատասխանատուութեան մնայուն հաստատութիւններ: Հայութեան պարագային, այս երեք իրողութիւնները հազուադէպօրէն զարգացած են միասնաբար: Դարերու օտար տիրապետութիւնը, կրկնուող տեղահանութիւնները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդհատեցին հայկական պետականութեան ու քաղաքական հաստատութիւններու բնական զարգացումը: Թէեւ հայ ազգը գոյատեւեց իր լեզուին, Եկեղեցիին, մշակոյթին եւ հաւաքական յիշողութեան շնորհիւ, բայց շատ յաճախ ան զրկուեցաւ իբրեւ քաղաքական ազգ շարունակաբար զարգանալու կարելիութենէն:

Հայ ազգի հաւաքական վէրքերուն մեծ մասը կը բխի ինքնիշխան պետականութեան կրկնուող ընդհատումներէն: Դարերու օտար տիրապետութիւնը տկարացուց ու քայքայեց հայկական քաղաքական հաստատութիւնները: Իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը փորձեց հայրենիքէն արմատախիլ ընել ինքնիշխան պետութենէ զրկուած ազգ մը:

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը անգամ մը եւս կ՛ընձեռէ այն հաստատութենական հիմքը, որուն վրայ կարելի է շարունակել հայկական քաղաքական ազգի կերտումը: Բայց այդ ապագան երաշխաւորուած չէ: Ան կախեալ է մեր հաստատութիւններու ամրութենէն եւ որակէն, մեր քաղաքական մշակոյթէն եւ յաջորդական սերունդներու` զանոնք ամրապնդելու յանձնառութենէն:

Հայկական եռագոյնը տեսանելի կերպով կը մարմնաւորէ այս յարաբերութիւնը: Ան կը խորհրդանշէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը` միաժամանակ յիշեցնելով աշխարհի չորս կողմը ապրող հայերուն, որ իրենք բոլորը մէկ մնայուն ազգային համայնքի մաս կը կազմեն:

Քանի որ եռագոյնը ամբողջ հայ ազգին կը պատկանի, ան երբեք պէտք չէ նոյնացուի որեւէ կառավարութեան, քաղաքական կուսակցութեան կամ խմբաւորման հետ: Ազգային խորհրդանիշներուն ուժը այն է, որ անոնք կը գտնուին ամէնօրեայ քաղաքական պայքարէն վեր: Խորհրդային տարիներուն հայկական եռագոյնը դարձաւ քաղաքական բաժանումի խորհրդանիշ` մարմնաւորելով այն ազգային իղձերը, զորս այն ժամանակուան իշխանութիւնը կը մերժէր: Անկախ Հայաստանի մէջ այդ էջը պէտք է վերջնականապէս փակուած մնայ: Անկախ քաղաքական տարակարծութիւններէն, եռագոյնը պէտք է շարունակէ մնալ ամբողջ հայութեան ընդհանուր խորհրդանիշը` միաւորելով, ոչ թէ` բաժնելով հայերը: Ասիկա պէտք է մնայ հայկական քաղաքական կեանքի անգիր սկզբունքներէն մէկը:

Հայութիւնը հազարամեակներ շարունակ գոյատեւած է` դիմագրաւելով թագաւորութիւններու վերելքն ու անկումը, օտար տիրապետութիւնը եւ կրկնուող տեղահանութիւնները: Թէեւ հայկական համայնքներ դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած են հայրենիքէն դուրս, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը հազարաւոր վերապրողներ սփռեց աշխարհի չորս կողմերը` ժամանակակից հայկական սփիւռքին տալով իր համաշխարհային դիմագիծը: Այդ ընթացքը տակաւին կը շարունակուի, քանի որ պատերազմներն ու տնտեսական անորոշութիւնը շատ մը հայեր կը ստիպեն լքել Միջին Արեւելքի` Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուած վաղեմի համայնքները եւ նոր կեանք սկսիլ այլ երկիրներու մէջ:

Սակայն սփռումը ազգը չքանդեց: Ընդհակառակը, ան ծնունդ տուաւ հայկական անդրազգին (TransNation): Ապահովել, որ այս անդրազգը, հակառակ իր աշխարհասփիւռ գոյութեան, շարունակէ մնալ մէկ ազգ, քսանմէկերորդ դարու հայութեան մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկն է:

Ինչպէս շատերը գիտեն, եռագոյնին կարմիրը, կապոյտը եւ նարնջագոյնը պաշտօնական իմաստ ունին` համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան «Պետական դրօշի մասին» 2006 թուականի յունիս 15-ի օրէնքին: Կարմիրը կը խորհրդանշէ Հայկական Լեռնաշխարհը եւ հայ ժողովուրդին գոյատեւման, հաւատքի ու ազատութեան համար մղած դարաւոր պայքարը: Կապոյտը խաղաղ երկինքի տակ ապրելու կամքն է: Նարնջագոյնը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին ստեղծագործ ոգին եւ աշխատասիրութիւնը:

Նոր օրէնքը այս խորհուրդները կը դարձնէ ազգային ինքնութեան ամէնօրեայ եւ տեսանելի հաստատումը: Այս իմաստով, հայկական եռագոյնը այն կէտն է, ուր դարաւոր ազգային արժէքները կը միանան արդի պետականութեան` քաղաքական արտայայտութիւն տալով հանրապետութենէն անհամեմատ աւելի հին քաղաքակրթութեան մը:

Եզրակացնելով` նոր օրէնքը Հայաստանի ամբողջ տարածքին աւելի տեսանելի կը դարձնէ եռագոյնին ներկայութիւնը: Թերեւս ան նաեւ ներշնչէ սփիւռքի հայկական հաստատութիւնները, որ եռագոյնին աւելի արժանի տեղ յատկացնեն իրենց համայնքային կեանքին մէջ: Ոչ թէ որովհետեւ հայութիւնը խորհրդանիշներու պակաս ունի, այլ որովհետեւ մնայուն ազգերը կարիքն ունին ընդհանուր խորհրդանիշներու, որոնք սերունդներ կը կապեն իրարու: Հայկական եռագոյնը աշխարհի չորս կողմը ապրող հայերուն կը յիշեցնէ, որ հակառակ տարբեր երկիրներու մէջ եւ տարբեր պետական համակարգերու տակ ապրելու իրողութեան` անոնք կը շարունակեն մնալ մէկ ազգ:

 

Րաֆֆի Արտալճեան