image

Դատարան ուղարկուած է կաթողիկոսի վերաբերեալ քրէական գործը

Դատարան ուղարկուած է կաթողիկոսի վերաբերեալ քրէական գործը

Դատախազութիւնը դատարան ուղարկած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու վերաբերեալ քրէական գործը։ Այս մասին կը տեղեկանանք «Դատալեքս» տեղեկատուական հարթակէն։

Հոգեւոր առաջնորդին եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ հինգ հոգեւորականներուն մեղադրանք առաջադրուած է պաշտօնէական դիրքն օգտագործելու միջոցով դատարանի օրինական որոշման կատարումը դիտաւորեալ խոչընդոտելու համար:

Իրաւական վէճը ծագած է Մասսեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը (Արման Սարոյան) պաշտօնէն ազատելէ ետք:

2026-ի յունուարին կաթողիկոսի որոշմամբ պաշտօնանկ եղած եպիսկոպոսը դիմած էր դատարան: Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշած էր, որ մինչեւ գործի քննութեան աւարտը Սարոյեանը պէտք է շարունակէ պաշտօնավարել, իսկ եկեղեցիին արգիլուած էր խոչընդոտել անոր լիազօրութիւններու իրականացումն ու ֆինանսական հաշիւներու տնօրինումը:

Հակառակ դատարանի որոշմանն ու Հարկադիր կատարումն ապահոուող ծառայութեան պաշտօնական ծանուցման՝ Գարեգին Բ-ն եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշած են կարգալոյծ ընել Սարոյեանը: Ըստ դատախազութեան՝ եկեղեցական ղեկավարութիւնն այս քայլով դիտաւորեալ շրջանցած ու խախտած է դատարանի պահանջը:

Գործով որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած են կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն, Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաջարեանը, Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեանը, Էդգար եպիսկոպոս Յակոբեանը եւ Արթուր եպիսկոպոս Յակոբեանը: Անոնց բոլորին մեղադրանք առաջադրուած է։ Արգիլուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ելքը Հայաստանէն։

Մարտին Մասսեացոտնի թեմի եկեղեցականներն անհամաձայնութիւն ու մտահոգութիւն յայտնած էին Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի կողմէ ընդունուած միջանկեալ որոշման վերաբերեալ, որ իրենց փաստացի պարտադրում է որպէս առաջնորդ ճանչնալ արդէն կարգալոյծ հռչակուած նախկին Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը, որ եկեղեցական կանոններու համաձայն՝ այլեւս աշխարհական անձ է՝ Արման Սարոյեան անունով։

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հրամանով Մասսեացոտնի թեմի առաջնորդը ազատուած էր պաշտօնէն յունուար 10-ին։ «Տնօրինութեան համար հիմք են ծառայել առաջնորդի հանգամանքը չարաշահելու, պարտականութիւնների մէջ թերանալու, թեմի եկեղեցականների նկատմամբ հարկադրանք ու ճնշումներ գործադրելու պարագաները»,- նշուած էր Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Սարոյեանը այն տասը եպիսկոպոսներէն է, որոնք պահանջած էին կաթողիկոսի հրաժարականը, հանդիպումներ ունեցած Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս եկած կաթողիկոսի դէմ։