Արագածոտնի մարզպետ Դաւիթ Գէորգեանը «Քորոնա»ով վարակուած է: Ան կը գտնուի հիւանդանոցը: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին նշած է մարզպետը։
Ան մասնաւորպէս գրած է. «17 Սեպտեմբերին, որոշակի ախտանշաններ ի յայտ գալէ ետք, յանձնած եմ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) քննութիւն, որուն պատասխանը եղած է դրական: Յաջորդ օրը՝ 18 սեպտեմբերին, կրկնակի քննութիւն յանձնած եմ, որուն պատասխանը եւս դրական էր:
Հետազօտութիւններ անցնելէ ետք իմ մօտ ախտորոշուեցաւ երկկողմանի զարգացող թոքաբորբ՝ առողջական վիճակի որոշակի բարդացումով, եւ բժիշկներու ցուցման համաձայն՝ բուժումը անհրաժեշտ է շարունակել բժշկական հսկողութեան պայմաններու մէջ: 18 Սեպտեմբերէն կը ստանամ հիւանդանոցային բուժում:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մերօրեայ հերոսներուն՝ բժիշկներուն, բոլոր բուժաշխատողներուն, հիւանդանոցի սպասարկող անձնակազմին, որոնք իրենց մասնագիտական աշխատանքի եւ մարդկային ջերմ վերաբերմունքի շնորհիւ կ'ընեն առաւելագոյնը, որպէսզի բոլոր հիւանդները օր առաջ առողջանան:
Տեղեկացնեմ, որ իմ բացակայութեան ընթացքին զիս պիտի փոխարինէ մարզպետի տեղակալ Յարութիւն Գուլեանը:
Կը խնդրեմ բոլորէն լրջօրէն պահպանել հակահամաճարակային անվտանգութեան սահմանուած կանոնները, ըլլալ աւելի զգօն եւ զգոյշ:Բոլորիդ առողջութիւն կը մաղթեմ»,- գրած է ան:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել