image

Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկը լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն հետ քննարկեց երիտասարդներու զարգացման նոր նախաձեռնութիւններ

Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկը լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն հետ քննարկեց երիտասարդներու զարգացման նոր նախաձեռնութիւններ

Լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ երիտասարդներու կարողութիւններու զարգացման եւ դպրոց-համայնք գործակցութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերը կը շարունակուին նոր թափով։ Այս ծիրին մէջ, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկը լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններն ու ներկայացուցիչները մէկտեղելով՝ քննարկեց ընթացիկ ծրագիրներու արդիւնքները, ապագայ նախաձեռնութիւններն ու համագործակցութեան նոր ուղիները՝ կրթական, գիտական եւ համայնքային զարգացման հեռանկարով։

 

23 Յուլիս 2026-ին, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի տնօրէնութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։

Բացման խօսքին մէջ, Հիմնարկի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան Սարգիսեան անդրադարձաւ Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի 60-ամեայ առաքելութեան՝ շեշտելով, որ Հիմնարկը, իր բազմաբնոյթ ծրագրերուն զուգահեռ, առաջնահերթ կը նկատէ երիտասարդ սերունդը պատրաստել ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն, զարգացնելով առաջնորդութեան, քննական մտածողութեան, հաղորդակցութեան եւ համայնքային պատասխանատուութեան հմտութիւնները։

Այս ծիրին մէջ, ան ներկայացուց վերջին երկու տարիներուն յաջողութեամբ իրականացուած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճի ծրագիրը, գործակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան եւ Հայաստանի Ճինիշեան Հիմնարկի, բարձր գնահատելով հայ վարժարաններուն ցուցաբերած նուիրումն ու համագործակցութիւնը։ Իրենց կարգին, դպրոցներու տնօրէններն ու ներկայացուցիչները արժեւորեցին ծրագրին ազդեցութիւնը՝ ընդգծելով անոր դերը երիտասարդներու կարողութիւններու զարգացման եւ կրթական հաստատութիւններուն ու համայնքային կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման մէջ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ հիմնական նիւթերը.

ա․ «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» բանավէճի ծրագիրը, ուր ներկայացուեցան ծրագրին արձանագրած յաջողութիւնները, ձեռքբերումները եւ բարելաւման ենթակայ կէտերը։ Առաջարկուեցաւ նաեւ 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտները ներառել որպէս նախապատրաստական փուլ՝ հանրային խօսքի, քննական մտածողութեան եւ բանավիճելու հմտութիւններու աւելի ամուր հիմք ստեղծելու նպատակով։

բ․ «Երիտասարդ հետազօտողներու ակումբ»ի նախաձեռնութիւնը՝ գործակցաբար Հայաստանի Ճինիշեան Հիմնարկի եւ Լեհաստանի «Copernicus Science Center»-ի, առաջարկուեցաւ մեկնարկել նաեւ Լիբանանի մէջ՝ հետաքրքրուած վարժարաններու մասնակցութեամբ, երիտասարդներուն տրամադրելով նոր կրթական, գիտական եւ հետազօտական փորձառութիւններ։

գ․ Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի 60-ամեակին նուիրուած համայնքային նախաձեռնութիւնը, որուն շրջանակին մէջ հայկական վարժարանները պիտի մշակեն եւ իրականացնեն համայնքային զարգացման ծրագիր մը՝ իրենց աշակերտներուն գործուն մասնակցութեամբ։ Ներկայացուած ծրագրերէն լաւագոյնը պիտի արժանանայ դրամաշնորհի՝ իրագործման համար։

Հանդիպումը անցաւ ջերմ, կառուցողական եւ համագործակցային մթնոլորտի մէջ, վերահաստատելով Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի յանձնառութիւնը՝ շարունակելու իր սերտ համագործակցութիւնը լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններուն հետ, կրթութեան, երիտասարդներու հզօրացման եւ համայնքային զարգացման միջոցով աւելի գիտակից, նախաձեռնող եւ պատասխանատու սերունդ կերտելու նպատակով։

 

 

։