Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի բոլորիս յայտնի հատուածներուն մէջ փոփոխութիւն չէ կրած այն առումով, որ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած, այն արձանագրումով, որ դեռ բաւական թիւով ատրպէյճանցի զինուորականներ կը գտնուին ՀՀ տարածքին, մօտաւորապէս 500-600 հոգի՝ տարբեր հատուածներու մէջ: Այս մասին, 20 Մայիսին, կառավարութեան նիստի սկիզբը յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:
«Մեր ԶՈՒ գործողութիւնների տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. մարտավարական գործողութիւններով սահմանափակել ատրպէյճանցիների գործողութիւնների պոտենցիալը (հնարաւորութիւնը): Քաղաքական առումով մեր խնդիրը հետեւեալն է.
Առաջին՝ թոյլ չտալ, որ իրավիճակը դուրս գայ վերահսկողութիւնից, այսինքն մաքսիմալն (առաւելագոյնն) անել ռազմական կամ պատերազմական բախման որեւէ սենար բացառելու համար եւ երկրորդ, հասնել նրան, որ Ատրպէյճանի ԶՈՒ ներկայացուցիչները լքեն ՀՀ տարածքը»,-ըսած է ան:
Փաշինեանը աւելցուցած է, որ այս առումով ահռելի դիւանագիտական աշխատանք կատարուած է եւ կը կատարուի. «Դրա կարեւոր վկայութիւններից է նաեւ այն, որ այսօր կառավարութեան նիստում ԱԳ նախարարի տեղը թափուր է, որովհետեւ ԱԳՆ մեր գործընկերները հենց այս պահին զբաղուում են այդ աշխատանքով: Պէտք է արձանագրեմ, որ այս պահի դրութեամբ դիւանագիտական աշխատանքը համարում եմ արդիւնաւէտ: Ընդ որում ոչ միայն ԱԳՆ-ի գործընկերներն են դիւանագիտական աշխատանք տանում այդ ուղղութեամբ, այլեւ ՊՆ-ն նոյնպէս, փոխվարչապետները նոյնպէս:
Այդ աշխատանքը համարում եմ յաջողուած, որովհետեւ միջազգային մեր գործընկերների եւ Հայաստանի դիրքորոշումները, ըստ էութեան, նոյնական են: Այն է՝ Ատրպէյճանի ԶՈՒ ներկայացուցիչները պէտք է լքեն ՀՀ տարածքը»,-ըսած է ան: