Ռուսաստանը պաշտօնապէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղ 5 տարի ժամկէտով, սակայն իրականութեան մէջ կը կարծեմ, որ ընդմիշտ եկած է: Այս մասին տեսակամուրջի ժամանակ ըսած է ՌԴ Պետական Տումայի ԱՊՀ գործերու եւ հայրենակիցներու հետ կապի յանձնաժողովի անդամ, պատգամաւոր Կոնստանտին Զատուլինը` յիշեցնելով, որ այժմ այնտեղ 2 հազար ռուս խաղաղապահ կայ:
«Կը կարծեմ, որ գուցէ որոշ ժամանակ անց, եթէ իրավիճակը զարգանայ այնպէս, ինչպէս այն կը զարգանար մինչ այժմ, պէտք է խօսուի Սիւնիքի մէջ ռուսական զօրախումբի ուժեղացման մասին: Ես կը կարծեմ, որ իրավիճակը այդ կը պահանջէ, որպէսզի մարդիկ չփախին Հայաստանէն: Կը կարծենք, որ կարեւոր է, որ հայերը մնան իրենց պատմական հողին վրայ»,-ըսած է պատգամաւորը:
Ան յիշեցուցած է, որ այսօր Ռուսաստանն իրեն իրաւունք կը վերապահէ ներկայ գտնուելու Հայաստանի մէջ 5 հազար զինուորով եւ սպաներով Գիւմրիի մէջ:
«Ինչ կը վերաբերի համատեղ զինուած ուժերու ստեղծման հարցին` այդ կապուած է ՀԱՊԿ-ի զարգացման հետ, որ իր սեփական խնդիրներն ունի»,- աւելցուցած է Զատուլին: