Փաքիստանն ու Քաթարը բանագնացներ պիտի ղրկեն՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններու կազմակերպման նպատակով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Al Jazeera» հեռուստակայանը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրներուն։
«Փաքիստանի ներքին գործոց նախարարը, ինչպէս նաեւ Քաթարի ներկայացուցիչները բանագնացներ պիտի ղրկեն, որպէսզի այդ բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ տեղի ունենան»,– նշած է աղբիւրը։
Ըստ հեռուստակայանին՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ սպասուող բանակցութիւնները անուղղակի պիտի ըլլան, իսկ Քաթարն ու Փաքիստանը միջնորդի դեր պիտի ստանձնեն։
Աւելի վաղ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ առայժմ որոշած է չդիմել Իրանի դէմ լայնածաւալ հարուածներու՝ փորձելով արագ եւ խաղաղ միջոցներով հասնիլ իր նպատակներուն։
Այնուհետեւ ան տեղեկացուցած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները պիտի սկսին Օգոստոս 3-ին։ «Մենք անոնց հետ պիտի խօսինք։ Բանակցութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի օրուան երկրորդ կէսին»,– լրագրողներուն ըսած էր Թրամփ՝ իր օդանաւին մէջ։
Ի պատասխան Թրամփի այս յայտարարութեան՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու հետ ուղղակի բանակցութիւններ պիտի չվարուին։