Ամերիկացի աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, վտանգներու վերլուծաբան եւ հրապարակախօս, «Սեւ կարապ» գիրքի հեղինակ Նիքոլաս Նասիմ Թալէպ յայտարարած է, որ մերժած է Ատրպէյճան մեկնելու հրաւէրը՝ նշելով այնտեղ Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկուած ըլլալու հանգամանքը։
«Զիս հրաւիրած էին Ատրպէյճան՝ դասախօսութիւն տալու։ Մերժեցի (անոնք զգալիօրէն բարձրացուցին առաջարկուած վարձատրութիւնը՝ չհասկնալով իմ բարոյական սկզբունքներս եւ կարծելով, որ ատիկա կրնար բան մը փոխել)։ Ես ոտք չեմ դներ Ատրպէյճան, քանի դեռ Ռուբէն Վարդանեանը բանտարկուած է այնտեղ»,– գրած է Թալէպ X ընկերային հարթակին վրայ։