image
Հրատապ լուրեր:

Անգլիա պատրաստ է հարուածելու Իրանը

Անգլիա  պատրաստ է հարուածելու Իրանը

Մեծ Բրիտանիան պատրաստ է հարուած հասցնելու Իրանին, եթէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ լարուածութիւնը, որ առաջացած է զօրավար Սուլայմանիի սպանութեան հետեւանքով, պատերազմի վերածուի, կը գրէ The Sun պարբերականը՝ իրազեկ աղբիւրին յղումով:

Աղբիւրի խօսքով՝ Լոնտոնը առաջին հարուածողը չըլլար։ Սակայն հակամարտութեան սրման պարագային Լոնտոնը պատրաստ է աջակցելու իր դաշնակիցին՝ ԱՄՆ-ին՝ գործի դնելով ստորջրեայ նաւատորմը, որ զինուած է «Թոմահոք» թեւաւոր հրթիռներով։

Այդ սուզանաւերէն մէկը լիակատար մարտական պատրաստութեան մէջ կը գտնուի՝ Իրանի վրայ յարձակման համար բաւարար հեռաւորութեան վրայ, կը գրէ աղբիւրը:

Բացի այդ, Լոնտոնի մէջ, ինչպէս կը նշէ հրատարակութիւնը, կ'ենթադրոեն, որ հակամարտութեան հնարաւոր սրման եւ սպառնալիքներու փոխանակման ֆոնին Իրաքի մէջ տեղակայուած զօրակազմը պէտք է աւելի ծանր սպառազինութեամբ զինուի: Համապատասխան առաջարկութիւնները պիտի ուղարկուին վարչապետ Պորիս Ճոնսընին՝ Քարիպեան կղզիներուն մէջ 12-օրեայ արձակուրդէն անոր վերադարձէն ետք: