Թուրքիան կրնայ իր զինուորականները ուղարկել Արեւելեան Երուսաղէմ՝ որպէս միջազգային խաղաղապահ ուժերու զօրամաս, սակայն համապատասխան հայց խորհրդարանը դեռ չէ ստացած: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ՝ Ահմետ Պերաթ Չոնկարը:
Ան նշած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս թեմայի շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ այլ պետութիւններու եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան հետ։ «Կ'ենթադրեմ, որ այս թեման դեռ խորհրդակցութիւններու փուլին է, քանի որ կը վերաբերի ոչ միայն Թուրքիոյ: Պէտք է միասնական միջազգային մօտեցում մշակել: Իմ կարծիքով՝ խաղաղապահ ուժերու անհրաժեշտութիւն կայ: Կը կարծեմ՝ եթէ խորհրդարանը նման հայց ստանայ, ան կը հաստատուի»,- ըսած է Չոնկար:
Ուրբաթ օր, Թուրքիոյ առաջնորդ՝ Թայէպ Էրտողան յայտարարած էր, որ Թուրքիան կը սկսի Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներուն աջակցիլ նոյն վճռականութեամբ, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ'աջակցէր Ատրպէյճանին: