image

Անգարայի Պայթումին Շուրջ Շփոթը Կը Շարունակուի

Անգարայի Պայթումին  Շուրջ    Շփոթը Կը Շարունակուի

Թուրքիա-  (Լրատուական   գործակալութիւններ) Անգարայի վերջին պայթումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց քրտական ԹԱՔ կոչուած կազմակերպութիւնը: Կազմակերպութիւն, որուն անունը կազմուած է «Քիւրտիստանի Ազատութեան Բազէներ» քրտերէն բառերու սկզբնատառերով, ասկէ առաջ ալ ստանձած էր պատասխանատուութիւնը կարգ մը ռմբային յարձակումներու, ինչպէս  2007 Յունիսին  Պոլսոյ Պաքըրգիւղ շրջանին մէջ եղած պայթումին պատասխանատուութիւնը, որուն հետեւանքով վիրաւորուած էր  31 հոգի, եւ յուլիս 2005-ին  Գուշատասըի մէջ զբօսաշրջիկներու մինիպիւսի մը վրայ գործուած յարձակումը  եւ վերջապէս  դեկտեմբեր 2015-ին «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանի մէջ  եղած յարձակումը, որուն զոհ գացած էր մաքրութեան սպասաւոր մը: ԹԱՔ ստանձնեց Անգարայի վերջին պայթումի պատասխանատուութիւնը ու հաղորդեց,  որ այս յարձակումը կատարուած էր Ապտուլպաքի Սէօզմէզ անուն մարտիկի մը անձնասպանական պայթումով: Ապտուլպաքի Սէօզմէզ արձանագրուած է որպէս Վանի բնակիչ: Մինչդեռ Անգարայի իշխանութիւնները յարձակումէն վերջ պնդած էին, որ յարձակումը իրականացած էր YPK-ի անդամակցող սուրիացի Մոհամմէտ Նաճճարի ձեռամբ: Երկու կողմերն ալ հրատարակած են երկու մարտիկներուն լուսանկարները, որոնք բնականաբար նոյնը չեն եւ հիմա մտքերու մէջ շփոթութիւն կը ստեղծեն, թէ  ով իրականացուց այս պայթումը: ԹԱՔ-ի մասին յայտարարութիւն մըն ալ եղած է PKK-էն, ուր կը հաղորդուի, թէ այս կազմակերպութիւնը հիմնուած է իրենցմէ բաժնուողներուն կողմէ եւ թէ ան կը գործէ PKK-է անկախ կերպով: