image

«Անցեալ կիրակի օր մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէս եկեղեցիներն ալ յարութիւն կ՚առնեն». Հալէպահայ Կարօ Սարգիսեան

«Անցեալ կիրակի  օր մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէս եկեղեցիներն ալ յարութիւն կ՚առնեն». Հալէպահայ Կարօ Սարգիսեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Հալէպի  Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասի ուրարակիր՝ Կարօ Սարգիսեանը:

 

-Շատ պիտի ուզէինք կարճ տեղեկութիւններ ունենալ ձեր մասին։


Ծնած  եմ Հալէպ։ Հայր եմ երկու մանչ զաւակներու, մեծ տղաս ութ տարիէ ի վեր սուրիական բանակին կը ծառայէ, իսկ կրտսերը տղաս կը սպասէ մեծ տղուս զինացրման, որ ինք զինակոչուի սուրիական բանակ: Պատերազմի շրջանին մնացինք Հալէպի մէջ եւ չգաղթեցինք: Հալէպը հիմա, համեմատած առաջուան, աւելի կայուն վիճակ  մ՚ունի:

 

-Ե՞րբ սկսած էք ծառայել եկեղեցիէն ներս։


1970-էն ի վեր կը ծառայեմ մեր դարաւոր եկեղեցւոյ: 1970-էն եղած եմ կրտսեր դպիր եւ շապիկ հագած եմ Հալէպի Քառասնից Մանկանց Մայր տաճարին մէջ: 1978-ին օծուած եմ դպիր եւ 1986-էն սկսեալ իբրեւ ուրարակիր կը ծառայեմ դպրաց դասէն ներս։

 


 

-Ինչպիսին էր Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց  դասը նախքան պատերազմը եւ ինչպիսի՞ն է այն այսօր. Ի՞նչ է ընդհանուր պատկերը:


Նախքան պատերազմը դպրաց դասը կը բաղկանար մօտաւորապէս յիսուն անդամ-անդամուհիներէ: Այսօր թիւը զգալիօրէն նուազած է: Շատերը գաղթեցին, ճամբորդեցին եւ զանազան պատճառներով հեռու մնացին եկեղեցիէն։ Ներկայիս  մեր  դպրաց  դասը  կը բաղկանայ  տասը անդամներէ:


-Եօթը երկար տարիներ յետոյ,  անցեալ   կիրակի  օր 29 ապրիլին, տեղի ունեցաւ առաջին պսակադրութեան խորհուրդը: Դուք, իբր դպրաց դասի անդամ ներկայ եղաք  արարողութեանը, ի՞նչ  կրնաք  ըսել այդ մասին։


Ամէն ինչէ առաջ, փառք մեր Աստծուն, որ մեզ այս օրերը պարգեւեց եւ գեղեցիկ ու անզուգական պահեր ապրեցանք, երբ մեր շարականներով դարձեալ զարդարեցինք մեր հինաւուրց եկեղեցւոյ դարաւոր կամարները, որոնք քանի մը տարի առաջ վերածուած էին փլատակի եւ լրիւ ամայացած էր:

Յուզուեցանք, խանդավառուեցանք եւ անբացատրելի զգացումներ ապրեցանք: Յիշեցինք մեր գաղթած ընկերները եւ մեր վաստակաշատ, ու մեզմէ առ յաւէտ հեռացած դպրապետ պրն. Վահէ Գասարճեանը:

Այս իսկական մեր եկեղեցւոյ յարութեան օրն էր եւ մենք համոզուեցանք, որ եկեղեցիներն ալ յարութիւն կ'առնեն ժամանակի, պատերազմներու, փլատակներու եւ քանդումներու խորքէն:

 

Հարցազրոյցը՝ «Արեւելք»ի  Հալէպի թղթակիցին