Ամուլսարի գործով քննչական խումբի ղեկավար Եուրա Իւանեանը եւ Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Սամուէլ Աւետիսեանը ազատուած են իրենց զբաղեցուցած պաշտօններէն։
Եուրա Իւանեանը հրաժարած է պատասխանել NEWS.am-ի հարցերուն, միայն ըսած է, որ հարցազրոյց պիտի չտայ, եւ անջատած հեռախօսը:
Յիշեցնենք, որ Ամուլսարի հանքի շահագործման քրէական գործով քննչական խումբի ղեկավար Եուրա Իւանեանի նկատմամբ ծառայողական քննութիւն նշանակուած էր՝ Ամուլսարի գործով ոչ անաչառ քննութիւն վարելու վերաբերեալ յայտարարութիւնները ստուգելու համար։
Նշենք, որ աւելի վաղ տեղեկութիւն հրապարակուած էր, որ Ամուլսարի գործով քննիչ Եուրա Իւանեանը եւ նախկին բնապահպանութեան նախարար Արամայիս Գրիգորեանը ազգակցական կապ ունին՝ հօրեղբօր որդիներ են։ Այս նախարարն էր, որ 2016-ին հաստատած էր հանքի շահագործման փորձաքննական եզրակացութիւնը: