image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկա մուտք գործելու արգելք՝ Զարիֆին

Ամերիկա մուտք գործելու արգելք՝ Զարիֆին

ԱՄՆ-ն մերժած է մուտքի վիզա տրամադրել Իրանի ԱԳ նախարար Մոհամմատ Ժաուատ Զարիֆին, որ պիտի մասնակցէր հինգշաբթի օր կայանալիք  ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, կը յայտնէ Reuters-ը՝ վկայակոչելով ԱՄՆ-ի մէջ անանուն աղբիւրին:

Ըստ 1947 թուականի ՄԱԿ համաձայնագրի՝ Միացեալ Նահանգները արտասահմանեան դիւանագէտներուն հիմնական թոյլ կու տայ երկիր մուտք գործել: Սակայն Ուաշինկթընը յայտարարած է, որ կը մերժէ վիզա տրամադրելու յայտերը՝ ելլելով «անվտանգութեան, ահաբեկչութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան» նկատառումներէ:Գործակալութիւնը նշած է, որ ԱՄՆ Պետքարտուղարութիւնն առայժմ չէ մեկնաբանած Իրանի ԱԳՆ ղեկավարի վիզայի մասին տեղեկութիւնը: