«Մենք անհանգստացած ենք Գեղարքունիքի եւ անոր հարեւանութեան հայկական հողի մէջ ատրպէյճանական ուժերու շարունակական գործողութիւններով, որոնք յանգեցուցած են հայ զինուորներու մահուան եւ եւս վեց մարդու առեւանգման: Անհրաժեշտ է, որ Պետական բաժանմունքը պատասխանատուութեան ենթարկէ Ալիեւը իր յարձակողական քաղաքականութեան համար:
Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Պայտընի վարչակազմի եւ մեր գործընկերներու հետ՝ համոզուելու համար, որ Միացեալ Նահանգները պիտի օգտագործեն մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր դիւանագիտական գործիքները, ներառեալ՝ պատժամիջոցները, այդ վայրագութիւնները դադրեցնելու համար, ինչպէս նաեւ կը նախատեսենք առաջ քաշել ԱՄՆ-ի կողմէ ձեռնարկուելիք շօշափելի գործողութիւններու շարք՝ խաղաղութեան եւ հաշուետուողականութեան ապահովման նպատակով»: