4 Ապրիլին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, հրաւէրով Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի, կը մեկնի Վատիկան, ուր Ապրիլ 5-ին պիտի մասնակցի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութեան: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն։
Այցին ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կ՝ուղեկցին ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանը եւ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Արժանապատիւ Տ. Վահրամ քահանայ Մելիքեանը: