image

Թրամփը յայտարարած է Իրանի դեմ ծովային ամբողջական շրջափակման մասին

Թրամփը յայտարարած է Իրանի դեմ ծովային ամբողջական շրջափակման մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ պիտի կատարէ «ամբողջական ծովային շրջափակում», որուն շրջածիրէն ներս Հորմուզի նեղուցը բաց պիտի մնայ բոլոր նաւերու համար՝ բացառութեամբ Իրանի հետ առնչուող նաւերուն։

Truth Social ընկերային հարթակին վրայ կատարած իր գրառման մէջ Թրամփ նշած է, որ ԱՄՆ զինուած ուժերու գործողութիւններու շնորհիւ նաւթի մատակարարումները կը շարունակուին «աննախադէպ մակարդակով»։

Անոր խօսքով՝ շրջափակումը պիտի վերաբերի միայն այն նաւերուն, որոնք կ՚ուղեւորուին դէպի իրանական նաւահանգիստներ կամ դուրս կու գան անկէ, ինչպէս նաեւ իրանական բեռ փոխադրող նաւերուն։

Թրամփ նաեւ յայտնած է, որ Պարսից ծոցի երկիրներու ղեկավարներու հետ ունեցած բանակցութիւններէն ետք հրաժարած է Միացեալ Նահանգներուն 20 առ հարիւր փոխհատուցում վճարելու իր նախկին առաջարկէն։

«Որոշած եմ Միացեալ Նահանգներուն համար նախատեսուած 20 առ հարիւր փոխհատուցման վճարը փոխարինել Պարսից ծոցի երկիրներուն հետ առեւտրային եւ ներդրումային համաձայնագիրներով»,– գրած է ան։

ԱՄՆ-ի նախագահի խօսքով՝ Ծոցի երկիրները կը նախատեսեն «հսկայական ներդրումներ» կատարել ամերիկեան տնտեսութեան մէջ, որ պիտի յանգեցնէ նոր գործարաններու եւ արտադրական կարողութիւններու ստեղծման եւ միլիոնաւոր բարձր վարձատրուող աշխատատեղերու բացման։