image
Հրատապ լուրեր:

«Ամէն ինչ լաւ է» Թրամբի առաջին արձագանգը իրանեան յարձակումին

«Ամէն ինչ լաւ է» Թրամբի առաջին արձագանգը իրանեան յարձակումին

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբն Իրանի տարածքէն Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան  2 ռազմակայաններու հրթիռակոծումէն ետք յայտարարած է, որ ամէն ինչ կարգին է։

«Ամէն ինչ լաւ է։ Հրթիռներ արձակուած են Իրանէն՝ Իրաք գտնուող 2 ռազմակայաններու ուղղութեամբ։ Վնասներու գնահատումը կը շարունակուի։ Ամէն ինչ բնականոն կ'ընթանայ»,-գրած է Սպիտակ տան ղեկավարն իր թուիթըրեան էջին։

Ան աւելցուցած է, որ ամերիկեան բանակն ամենահզօրն է ու լաւ զինուածը։ Թրամբը խոստացած է 8 յունուարի առաւօտեան հանդէս գալ յայտարարութեամբ։