image

էրտողան կը վերյիշէ Թրամբի հետ «մեղրալուսնի» օրերը

էրտողան կը վերյիշէ Թրամբի հետ «մեղրալուսնի» օրերը

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան քննադատած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքական մօտեցումը Թուրքիոյ նկատմամբ նախագահ Ճօ Պայտընի օրօք՝ ըսելով, որ վերջին շրջանին երկու երկիրներու միջեւ լարուածութիւնը հասած է աննախադէպ մակարդակի, յայտնած է Ahval-ը:

 

Անոր խօսքով՝ նման խնդիրներ չեն եղած ո՛չ ԱՄՆ նախկին ղեկավարներու, ո՛չ հանրապետականներու, ո՛չ ալ դեմոկրատներու, ներառեալ՝ Ճորճ Պուշի, Պարաք Օպամայի եւ Տանըլտ Թրամբի հետ:

 

Ընդ որում, Էրտողան յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրած է ԱՄՆ նախկին նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբի հետ ունեցած «կառուցողական յարաբերութիւններուն» վրայ՝ ըսելով, որ երկու առաջնորդները համատեղ դէմ առ դէմ հանդիպումներ կը ծրագրէին, իսկ հեռախօսային դիւանագիտութիւնը «շատ հանգիստ» էր, ինչ որ կը մեղմացնէր Թուրքիոյ մտահոգութիւնները երկկողմանի յարաբերութիւններու կապակցութեամբ:

 

Պայտըն Էրտողանի ղեկավարման ոճը բռնակալական անուանած է​​եւ քննադատած մարդու իրաւունքներու հետ կապուած իրավիճակը երկրին մէջ:

 

Էրտողան կրկին անգամ քննադատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու Պայտընի որոշումը: «Անոնք, որոնք Թուրքիոյ անկիւն կը նետեն, կարեւոր ընկերոջ կը կորսնցնեն»,- ըսած է ան:

 

Էրտողան, Թուրքիոյ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ երկու հիմնական խնդիր կը տենէ. Ուաշինկթընի աջակցութիւնը Սուրիոյ քիւրտ զինեալներուն, զորս Թուրքիան ահաբեկիչներ կը համարէ, եւ ԱՄՆ-ի հրաժարումը արտայանձնել Փենսիլվանիա բնակող իսլամական քարոզիչ՝ Ֆեթուլլահ Կիւլենը, զոր Թուրքիան կը մեղադրէ 2016-ի ձախողած յեղաշրջման կազմակերպման մէջ:

 

Աւելին, Էրտողան մեղադրած է Ուաշինկթընը «ահաբեկիչներուն» աջակցութեան մէջ. «Եթէ դուք մեր դաշնակիցն էք, մեզի կ'աջակցիք, թէ՞ այդ ահաբեկիչներու կողքին կ'ըլլաք: Ցաւօք, անոնք այդ ահաբեկիչներու կողմը կը բռնեն»:

 

Լուրը՝ news.am-էն