image

2017 Ապրիլին ընտրուած ՀՀ Ազգային Ժողովը օրէնքի հիմամբ լուծարուեցաւ

2017 Ապրիլին ընտրուած ՀՀ Ազգային Ժողովը  օրէնքի   հիմամբ  լուծարուեցաւ

 ՀՀ Ազգային  ժողովը      այսօր լուծարուեցաւ։

Ազգային Ժողովը    կազմուած  էր   2017 թուականին   տեղի ունեցած ընտրութիւններու  արդիւնքով

 Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ՀՀ ազգային ժողովին մէջ գումարուած յատուկ նիստին քննարկուեցաւ ՀՀ վարչապետի ընտրութեան հարցը: Միակ թեկնածուն ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն էր։

 

  Անոր  օգտին ոչ  մէկ պատգամաւոր  կողմ կամ դէմ չքուէարկեց , ձեռնպահ  մնաց 13 պատգամաւոր:

 

Վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր 53 ձայն:

 

 

Նիկոլ Փաշինեան երկրորդ անգամ ըլլալով վարչապետ չընտրուեցաւ, հետեւաբար Ազգային ժողովը օրէնքի ուժով ինքնաբերաբար կը  համարուի լուծարուած։

 

Ազգային Ժողովի նոր ընտրութիւնները նախատեսուած են 9 դեկտեմբերին։