ՀՀ Ազգային ժողովը այսօր լուծարուեցաւ։
Ազգային Ժողովը կազմուած էր 2017 թուականին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով
Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ՀՀ ազգային ժողովին մէջ գումարուած յատուկ նիստին քննարկուեցաւ ՀՀ վարչապետի ընտրութեան հարցը: Միակ թեկնածուն ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն էր։
Անոր օգտին ոչ մէկ պատգամաւոր կողմ կամ դէմ չքուէարկեց , ձեռնպահ մնաց 13 պատգամաւոր:
Վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր 53 ձայն:
Նիկոլ Փաշինեան երկրորդ անգամ ըլլալով վարչապետ չընտրուեցաւ, հետեւաբար Ազգային ժողովը օրէնքի ուժով ինքնաբերաբար կը համարուի լուծարուած։
Ազգային Ժողովի նոր ընտրութիւնները նախատեսուած են 9 դեկտեմբերին։