image

Կասպից ծովին մէջ խեղդուած է երիտասարդ հայուհի. Ան փորձած է փրկել խեղդուող ընկերոջը

Կասպից ծովին մէջ  խեղդուած է երիտասարդ հայուհի.  Ան փորձած է փրկել խեղդուող ընկերոջը

Կասպից ծովին մէջ, Իրանի Նոուշեհր քաղաքի մօտակայքը օրեր առաջ խեղդուած է իրանահայ Վանէ Նովշատեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Վանէի ընկերներէն, որոնք կը սգան անոր մահը:

Վանէն ճանաչցուած էր եւ շատ ընկերներ ունէր նաեւ Հայաստանի մէջ, սորված է Երեւանի Գեղարուեստի Ակադեմիայէն ներս՝ 2003-2008 թուականներուն:

Ընկերները անոր կը բնութագրեն որպէս կեանքով լի, վառ ու ընկերասէր կերպար. աղջիկը փորձած է օգնել ծովին մէջ խեղդուող ընկերոջը, սակայն երկուքն ալ մահացած են: Վանէն 33 տարեկան էր, ամուսնացած չէր, վերջին տարիներուն ԱՄՆ կը բնակէր:

Վանէի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ Թեհրանի «Նոր Բուրաստան» գերեզմանատան մէջ: Ծնողներն ու հարազատները ցաւակցություններ պիտի ընդունին «Րաֆֆի» սրահէն ներս: