Իրանը պաշտօնական պատասխան ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէիին ուղղուած նամակին՝ օգտուելով Օմանի միջնորդական ծառայութիւններէն։ Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճի։
«Պաշտօնական պատասխանը Թրամփի նամակին երէկ (չորեքշաբթի) ուղարկուած է համապատասխան ձեւով՝ Օմանի միջնորդութեամբ», - ըսած է ան IRNA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին։
Ըստ Արաքճիին, պատասխանը բաղկացած է երկու փաստաթուղթէ: Առաջինին մէջ ներկայացուած են Թեհրանի տեսակէտներն աշխարհի առկայ իրավիճակի վերաբերեալ, իսկ երկրորդին՝ ամբողջութեամբ վերլուծուած են եւ մեկնաբանուած Թրամփի նամակին մէջ պարունակուող կէտերը։
7 մարտին, Թրամփ յայտնած էր, որ նամակ յղած է Խամենէիին՝ առաջարկելով բանակցութիւններ վարել Թեհրանի միջուկային ծրագրի շուրջ։ Իրանի առաջնորդը, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի այս յայտարարութիւնը, ընդգծած էր, որ իր երկիրը երկխօսութիւն չի վարեր Միացեալ Նահանգներուն հետ, քանի որ Ուաշինկթըն կը մտածէ միայն սեփական շահերուն մասին եւ կը խօսի սպառնալիքներու լեզուով։