«𝗦tarlink»-ի ծառայութիւններն արդէն հասանելի են Հայաստանի մէջ։ Տեղեկութիւնը դիմատետրեան իր էջին յայտնած է ՀՀ բարձր ճարտարագիտութեանց արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան։
«Յաջորդ սերնդի ինտերնետն (համացանց) արդէն Հայաստանում է»,- գրած է նախարարը` աւելցնելով, որ այս ծառայութիւնն արբանեակային համացանց կ'ապահովէ նաեւ ամենահեռաւոր գիւղերուն ու դժուարամատչելի շրջաններուն մէջ։
Հայրապետեանի խօսքով՝ սա կարեւոր ձեռքբերում է, քանի որ կ'ապահովէ թուային ենթակառուցուածքներու նոր մակարդակ՝ անվտանգ, որակեալ կապով, հասանելիութիւն համաշխարհային առաջատար ծառայութիւններուն, կապի նոր հնարաւորութիւններ բոլորին համար՝ անկախ գտնուելու վայրէն։
Յիշեցնենք, որ 2022 թուականին ՀՀ բարձր ճարտարագիտութեանց արդիւնաբերութեան նախարարութենէն յայտնած էին, որ միլիառատէր Իլոն Մասքի «SpaceX» ընկերութեան կողմէ գործարկուած «Starlink» համացանցային կապը Հայաստանի մէջ հասանելի պիտի ըլլայ 2023 թուականին։